Դաշնակցութիւնը պիտի առաջարկէ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը ներառել սահմանադրութեան մէջ

By Asbarez | Saturday, 05 September 2015

0905ardzvig

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> ռ Սեպտեմբեր 4ին՝ սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ խորհրդարանական ունկնդրութիւններուն ժամանակ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան հանդէս եկած է հարց-առաջարկներով:


Ան նախ շեշտած է ունկնդրութիւններու եւ սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողովի հետեւողական պատասխաններուն կարեւորութիւնը, քանի որ անոնք պիտի օգնեն շատերուն, որ լիարժէք կերպով պատկերացնեն, թէ նոր սահմանադրութեամբ ինչ կ՛առաջարկուի եւ կը փարատէ անոնց մտահոգութիւններն ու կասկածները:

Պատգամաւորը նշած է, որ իր առաջարկները ուղղուած են հասարակական հատուածի աշխոյժ ներկայացուցիչներուն: Ըստ Մինասեանի՝ բազմիցս ըսուած է, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման խոչընդոտներէն մէկը մենաշնորհներու առկայութիւնն է: <<Գործող Սահմանադրութիւնը հնարաւորութիւն չի տալիս ակտիւ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն վարելու: Պէտք է առաջարկել մի դրոյթ, եւ մենք հիմա աշխատում ենք դրա շուրջ, որպէսզի հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը դառնայ սահմանադրական նորմ>>, բացատրած է Արծուիկ Մինասեան:

Պատգամաւորին միւս առաջարկը կը վերաբերէր Կեդրոնական դրամատան վերաբերող գլխուն. ան առաջարկած է, որ այնտեղ թուարկուած գիներու ու ֆինանսական կայունութեան վերաբերեալ մանրամասնութիւնները սահմանադրութենէն հանել եւ օրէնքի կարգաւորման դաշտ փոխադրել:

Սահմանադրական փոփոխութիւններու յանձնաժողովի անդամ Վարդան Պօղոսեան նշած է, որ եթէ հակամենաշնորհային նորմ առաջարկուի՝ սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու համար, ապա սիրով պատրաստ են զայն քննարկելու, ամրագրելու։

<<Բազմաթիւ դրոյթներ, որոնք ամրագրուել են նոր Սահմանադրութեան նախագծում, եղել են շնորհիւ Դաշնակցութեան առաջարկների ու ջանքերի: Եթէ լինի առաջարկ՝ հակամենաշնորհային նորմը ներառել Սահմանադրութեան մէջ, ապա մենք պատրաստ ենք համատեղ աշխատել ու գտնել փոխադարձ ընդունելի լուծումներ>>, ըսած է ան:

Վարդան Պօղոսեան նշած է, որ չունի լիազօրութիւն պատասխանելու այն հարցումին, թէ անհրաժե՞շտ է արդեօք Ա. Մինասեանի երկրորդ առաջարկով նշուած ձեւակերպումները հանել գործող սահմանադրութենէն: Ան բացատրած է. <<Կարծում եմ՝ սա կարեւորագոյն խնդիրներից մէկն է, որը սահմանադրական փոփոխութիւնների շրջանակներում լրջագոյն քննարկման պէտք է արժանանայ: Կարող եմ միայն հաւաստիացնել, որ սահմանադրական յանձնաժողովը ամենայն լրջութեամբ կը մօտենայ այս հարցին>>:

 

comments