Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Արամ Ա. Կաթողիկոսին՝ տօնուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100ամեակը եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակը

By Asbarez | Wednesday, 16 September 2015

0000AYNJAR1,jpg 0000AYNJAR4 0000AYNJAR5

Շաբաթ, 12 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ պաշտօնական դիմաւորութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին եւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանին:

Վեհափառ հայրապետին դիմաւորեցին կազմակերպիչ կեդրոնական մարմինի ատենապետ վեր. Րաֆֆի Մսըրլեան, Վարուժան արք. Հերկելեան, գիւղի հոգեւոր հայրերը, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ՀՅԴ Բիւրոյէն, Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն եւ Հայկական երեսփոխանական խմբակէն ներկայացուցիչներ, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէն, ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբն ու սկաուտները եւ հոծ բազմութիւն մը:

Արամ Ա. վեհափառի ընդունելութենէն ետք հիւրերը ուղղուեցան Ս. Պօղոս եկեղեցի, ուր հոգեւոր հայրերը կատարեցին աղօթք մը:

Ապա, ներկաները ուղղուեցան Մուսա լերան հերոսամարտի յուշարձան-համալիր, ուր տեղի ունեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի ժողովրդային տօնախմբութիւնը:

Տօնակատարութեան բացման խօսքը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Թամար Սնապեան-Սուրճեան: Ան ներկաները հրաւիրեց 1 վայրկեան յոտնկայս յարգելու յիշատակը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներուն, որմէ ետք Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մուսա լերան քայլերգներով հանդէս եկաւ ՀՄԸՄ Այնճարի շեփորախումբը:

Թամար Սնապեան-Սուրճեան ըսաւ, որ <<այս տարի Այնճարէն մինչեւ Հայաստան, Գանատայէն մինչեւ Ամերիկա եւ Աւստրալիա մեր ժողովուրդը ոգեւորութեամբ, տօնական տրամադրութեամբ եւ մեծ խանդավառութեամբ կը տօնէ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակը, որովհետեւ պարզ տօնախմբութիւն չէ անիկա, այլ մեզի եւ ամբողջ աշխարհին կու գայ անգամ մը եւս յիշեցնելու, թէ թուրքը պարտուած է եւ յաղթականը միշտ հայն է>>:
Ապա, ան ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսամարտի պատմութիւնը՝ սկսելով անոր նախորդող պայմաններէն մինչեւ Այնճարի հիմնադրութիւնը:
Բացման խօսքէն ետք բեմ բարձրացաւ Համազգայինի <<Տաւիղ>> համոյթը (ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի), որ ներկայացուց նուագներու գեղեցիկ փունջ մը, որուն երգի կատարումներով ընկերակցեցաւ Սեւան Կարապետեան-Ադամեան:

Ապա, Թամար Սնապեան-Սուրճեան ներկայացուց կենսագրութիւնը Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Պօղոս Անտէկեանի կեանքը, որ ընկերներուն հետ արիաբար պաշտպանելէ ետք Մուսա լերան հարաւ-արեւելեան ճակատը, նահատակուած էր՝ կուրծքէն գնդակ մը ստանալէ ետք:

Այնուհետեւ հայկական ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ Հայաստանէն հասած ազգային երգերու մեկնաբան Հայկ Մխոյեան, որ 2014 թուականին Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած համաեւրոպական ազգագրական երգի մրցաշարքին արժանացած էր ոսկի մետալին՝ իր <<Մուսա լեռ>> երգին համար:
Ապա <<Էն.Տի.Եու.>> համալսարանի աշակերտներէն եւ դասախօսներէն խումբ մը, որ վերջին 2 տարիներուն բարձրացած էր մինչեւ Մուսա լերան յուշարձանը, Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին յանձնեց Մուսա լերան վրայ իրենց պատրաստած խաչանիշ դրօշակը:

Նժդեհ Պոտրումեան այս առիթով կատարեց նաեւ <<Նպատակիս հասնիմ միայն>> երգը:

100ամեակի կեդրոնական մարմինին կողմէ յատուկ ձեւով պարգեւատրուեցան դոկտ. Յակոբ Փանոսեան եւ դոկտ. Նորա Արիսեան, որ ներկայ չէր կրցած գտնուիլ հանդիսութեան:

Օրուան հանդիսավարը, ներկայացնելէ ետք դոկտ. Յակոբ Փանոսեանի կենսագրականը, բեմ հրաւիրեց զայն՝ ստանձնելու համար շքանշանը եւ փոխանցելու իր սրտի խօսքը:

Դոկտ. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի կեդրոնական մարմինին՝ իրենց նախաձեռնութեան համար: Ապա հանդիսավարը ներկայացուց դոկտ. Նորա Արիսեանի կենսագրականը, անոր հրատարակած գործերը եւ ունեցած ներդրումը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործին մէջ:

Ապա, Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակի եւ Այնճարի հիմնադրութեան 75ամեակի կեդրոնական մարմինի նախագահ Եսայի Հաւաթեան փոխանցեց կեդրոնական մարմինին պատգամը: Ան եայտնեց, որ 100 տարիէ ի վեր կը շարունակուին Մուսա լերան հերոսամարտի տարեդարձի տօնակատարութիւնները, եւ բոլորին միտքին մէջ կայ թիւ մը՝ 18, իսկ սիրտերուն մէջ՝ ազգային հպարտութիւն մը:

Այնուհետեւ ՀՅԴ <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէին անունով խօսք առաւ դոկտ. Կարօ Փիլաւճեան: Ան պատմական ակնարկով անդրադարձաւ հերոսամարտով արձանագրուած յաղթանակին, անոր մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան՝ յայտնելով, որ <<մուսալեռցիք դրոշմեցին 20րդ դարու գերագոյն հերոսամարտը, որուն նուաճման միջոցները դարձան օրինակ համայն աշխարհի զարգացած պետութիւններուն համար:

Եդուարդ Պօյաճեանի <<Հողին Ուժը>> ընթերցեց Յակոբ Թաշճեան:

Հանդիսութեան պաշտօնական բաժինի աւարտին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը փոխանցեց իր պատգամը ներկայ հազարաւոր ուխտաւորներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ <<մեր հերոսներուն մասին մենք պէտք է ցնծանք, ոգեւորուինք ու խանդավառուինք եւ իրենց հաւատքով ու ոգիով լեցնենք մեր անձերը եւ հաւաքական կեանքը, որովհետեւ ազգերու պատմութիւնը կը կերտուի արիւն թափելու պատրաստ իր զաւակներով>>:

Վեհափառ հայրապետը աւելցուց, որ մարդիկ ուզեցին Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը գերեզմանել, սակայն պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ մեր ազգը իր հերոսներով ու նահատակներով եւ անոնց սրբազան արիւնով, ամուր վճռակամութեամբ, խոր հաւատքով եւ վառ տեսիլքով կանգնեցաւ լոյս՝ պատմութեան գիշերին դիմաց, մնալով ստեղծագործ, ամուր, յիշելով ու սրբացնելով իր նահատակները՝ հաստատեց իր պահանջատիրական կամքը՝ իմացնելով ամբողջ աշխարհին, որ հայ ազգը պահանջատէր է իր իրաւունքներուն:

Վեհափառ հայրապետը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ Մուսա լերան հերոսամարտի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակներուն խորհուրդն ու պատգամը ամբողջ հայ ժողովուրդին այն է, որ պէտք է մնալ պահանջատէր հայ ազգի բոլոր իրաւունքներուն եւ պայքարիլ զանոնք ձեռք բերելու համար:

Վեհափառ հօր պատգամէն ետք հնչեց Մուսա լերան աւանդական թմբուկ-զուռնան, որմէ ետք ազգային հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցաւ հայրենի երգիչ Հայկ Մխոյեան:

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ, ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ ԵՒ ՄԱՏԱՂԻ ԲԱՇԽՈՒՄ

Կիրակի, 13 Սեպտեմբերի առաւօտեան, Այնճարի Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ՝ Մուսա լերան հերոսամարտի 100ամեակին առիթով: Պատարագիչն էր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Օրը նուիրուած էր նահատակ Աբրահամ Սեւուկեանի (Սեքլեմեան) յիշատակին:

Պատարագին ներկայ էին Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեան, Հայաստանի նախկին արտաքին գործոց նախարար Րաֆֆի Յովհաննէսեան, նախկին նախարար Փանոս Մանճեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէէն անդամներ, Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան, ՀՅԴ <<Կարմիր Լեռ>> կոմիտէն եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը:

Վեհափառ հայրապետը իր քարոզին մէջ ըսաւ, թէ մեր կեանքը պէտք է վերածենք խաչակեդրոն կեանքի, որովհետեւ առանց խաչի անիմաստ է քրիստոնէական կեանքը: Ան ըսաւ, թէ հրաշք է հայ ժողովուրդին գոյութիւնը պատմութեան փոթորիկներուն մէջ, եւ թէ հայ եկեղեցին իր պատմութեան ընթացքին եղած է հայ ժողովուրդի կողքին՝ դառնալով մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն պաշտպանութեան ռահվիրան, իր խաչով պայքարելով սուրով պայքարող հայ հերոսներու կողքին:

Եկեղեցական արարողութենէն ետք հաւատացեալները հոգեւոր հայրերու առաջնորդութեամբ ուղղուեցան դէպի Մուսա լերան յուշարձան-համալիր, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակներու յիշատակին, որմէ ետք տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքը՝ ձեռամբ վեհափառ հայրապետին, եւ բաշխուեցաւ բոլոր ուխտաւորներուն:

Պաշտօնական ներկայացուցիչները ճաշի հիւրը եղան Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին՝ <<Գալուստ Կիւլպէնկեան>> սրահին մէջ:

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՏՈՀՄԻԿ ԵՐԵԿՈՅ

Ուրբաթ, 11 Սեպտեմբերի երեկոյեան, Այնճարի <<Ս. Զէյթլեան>> ժողովրդային տան մէջ տեղի ունեցաւ ԼՕԽի <<Աղթամար>> մասնաճիւղի կազմակերպած Մուսա լերան ազգագրական տոհմիկ երեկոն՝ մեծաթիւ հայրենակիցներու ներկայութեան:

Ձեռնարկի բացման խօսքը արտասանեց մասնաճիւղի ատենապետ Ցողիկ Հաւաթեան: Ան յիշելով Մուսա լերան հերոսամարտի նահատակ Սամուէլ Մարգարեանը, որուն յիշատակին նուիրուած էր սոյն տոհմիկ երեկոն, ըսաւ, թէ Սամուէլ եւ իր ընկերները քաջաբար կռուած էին թշնամիին դէմ՝ պաշտպանելու համար իրենց կարեւոր դիրքը, նահատակուելով Մուսա լերան հերոսամարտի մեծագոյն կռիւին օրը՝ Օգոստոս 23ին:
Հաւաթեան ըսաւ, թէ Սամուէլ Մարգարեան կռուեցաւ անվեհերութեամբ եւ կատարեց իր պարտականութիւնը իր սիրած ժողովուրդին ազատագրութեան համար՝ դառնալով անոր 18 նահատակներէն մէկը:

Հաւաթեան ըսաւ, թէ ինչպէս Մուսա լերան ժողովուրդը, նոյնպէս ԼՕԽի <<Աղթամար>> մասնաճիւղի հիմնադիր ընկերուհիները դժուար պայմաններու մէջ կատարեցին իրենց ԼՕԽական պարտականութիւնները՝ հիմնելով Այնճարի դարմանատունը, որ մեծ ծառայութիւն կը մատուցէ Այնճարի եւ նոյնիսկ դրացի գիւղերու ժողովուրդին:

Հաւաթեան իր խօսքի աւարտին շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք օգտակար հանդիսացան սոյն երեկոյի յաջողութեան, մասնաւորապէս մասնաճիւղի ընկերուհիներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին պատրաստելու համար Մուսա լերան աւանդական ուտեստեղէնը:

Օրուան հանդիսավարութիւնը ստանձնեց Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան յիշելով Մուսա լերան 6 գիւղերը յաջորդաբար՝ նշեց անոնց առանձնայատկութիւնները եւ աւանդական սովորութիւնները:

Օրուան հանդիսավարը մթնոլորտը ճոխացուց հայկական ազգագրական երգերու կատարումներով:

Յատուկ ձեւով ներկայացուեցաւ Մուսա լերան աւանդական հարսանիքը՝ մասնակցութեամբ ՀՅԴ <<Յառաջ>> պատանեկան միութեան անդամներուն եւ թմբուկ-զուռնային:

Ապա ելոյթ ունեցաւ Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի պարախումբը:

Ձեռնարկին ընթացքին հայկական ազգագրական երգերով ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հայաստանէն հիւրաբար հասած <<Մուսայ լեռ>> երգի մեկնաբան Հայկ Մխոյեան:

Տոհմիկ երեկոյին ընթացքին վաճառուեցան Մուսա լերան եւ հայկական աւանդական տոհմիկ ճաշեր ու անուշեղէն, որոնք պատրաստուած էին մասնաճիւղի ընկերուհիներուն կողմէ:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement