Աղուան Վարդանեանի հարցադրումները՝ սահմանադրական բարեփոխումներուն գծով

By Asbarez | Friday, 18 September 2015

0918Aghvan

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Խորհրդարանին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու նախագիծի քննարկման ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան սահմանադրական բարեփոխումներու յանձնաժողովի անդամ Վարդան Պօղոսեանէն ուզած է պարզաբանումներ ունենալ նախագիծի 89րդ յօդուածին մէջ տեղ գտած որոշ անճշդութիւններու մասին: Ըստ պատգամաւորին՝ չորրորդ կէտին մէջ կը խօսուի նոր դաշինքներու ձեւաւորման մասին, բայց քարտուղարութեան տրուած վերջնական տարբերակին մէջ բացատրութիւն, որեւէ յղում չկայ այն մասին, թէ ինչպէս կը կայանայ երկրորդ հանգրուանը։
Վարդանեան անդրադարձած է նաեւ 104րդ յօդուածին մէջ տեղ գտած որոշ թերի ընկալումներուն: <<Ազգային ժողովի խորհուրդի մասին որեւէ կոնկրէտ անելիք ձեւակերպուած չէ: Պէտք է որոշակի գործառոյթներ ձեւակերպել>>, յայտնած է պատգամաւորը:


Անոր հարցումներուն պատասխանելով՝ Պօղոսեան նշած է. <<Նախ ասեմ, որ բոլոր մանրամասները պէտք է կարգաւորուեն ընտրական օրէնսգրքով: Ձեր տրամադրութեան տակ եղած՝ Սահմադրութեան նախագծի 89րդ յօդուածում իսկապէս երկրորդ փուլի, դաշինքների ձեւաւորման, թոյլատրելիութեան հարցերը կարգաւորուած չեն: Դա պայմանաւորուած է նրանով, որ մենք երկրորդ փուլը, վերջնական համաձայնութիւնների արդիւնքում, որպէս ֆակուլտատիւ երկրորդ փուլ ենք նախատեսել: Բնականաբար, երբ ընտրական օրէնսգիրքը կարգաւորուի, անդրադարձ կը լինի այդ հատուածին>>:


Ան խոստացած է նաեւ, որ սահմանադրական յանձնաժողովը ուշադութեամբ քննարկէ առաջարկները, որպէսզի Սահմանադրութեան բնագիրին մէջ երկրորդ հանգրուանի կայացման պարագային որոշ յստակութիւն ըլլայ:


<<Այն ընտրական համակարգը, որ առաջարկւում էր սահմանել սահմանադրական յանձնաժողովի կողմից, պաշտօնապէս մինչ այժմ անփոփոխ է:

Հանրապետութեան նախագահին ներկայացուած նախագծում այդ դրոյթը պարունակւում է, եւ այդ դրոյթի անհրաժեշտութիւնը կարող է լինել նաեւ սահմանադրական համակարգում ամրագրելու համար>>, յայտնած է Պօղոսեան եւ աւելցուցած. <<Ինչ վերաբերում է Ազգային ժողովի խորհրդի ֆունկցիաներին, ապա ասեմ, որ ճիշդ էք նկատել, որ այնտեղ ֆունկցիաները սահմանուած չեն: Եթէ լինեն համապատասխան առաջարկութիւններ, կարծում եմ, որ դա կը լինի ամենաողջամիտ տարբերակը, որպէսզի մենք գոնէ ամենաընդհանուր գծերով մի հիմնական գործառոյթ ամրագրենք>>:

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement