By Asbarez | Saturday, 19 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Ազգային ժողովը կը շարունակէ սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծի քննարկումը: Սեպտեմբեր 18ի իր ելոյթին մէջ, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշեց, որ այսօր հասարակութեան 99 տոկոսը փոփոխութիւններու պահանջ ունի, սակայն տարբեր են այդ փոփոխութիւններու բովանդակութեան պատկերացումները՝ փոփոխութիւններ առօրեայ կեանքի, փոփոխութիւններ անձերէն մինչեւ իշխանափոխութիւն: Ուստի, դժուար է պատկերացնել, որ բոլորը կարենան նոյն իրականութեան հանդէպ նոյն ընկալումը ունենալ:
<<Մեր պատկերացրածը գուցէ դժուար ընկալելի, բայց համակարգային, խորքային փոփոխութիւններն են. ոչ թէ անձերն են որոշում, այլ համակարգն է թելադրում գործողութիւնները>>, ըսաւ ան:
Վարդանեան նաեւ կարեւոր համարեց սահմանադրական յանձնաժողովին կատարած հսկայ աշխատանքը, որուն արդիւնքով հրապարակուած են երկու հայեցակարգերն ու նախագիծը: <<Գրեթէ համոզուած եմ, որ երբ նախագահը նախաձեռնում էր սահմանադրական փոփոխութիւններին, աւելի հակուած էր կիսանախագահականը կատարելագործելուն, քան՝ խորհրդարանականին անցնելուն: Եւ յանձնաժողովի ամենակարեւոր աշխատանքը ներկայ համակարգի ճշգրիտ ախտաճանաչումն էր, այն է՝ իշխանութեան գերկեդրոնացում, լիազօրութիւնների եւ պատասխանատուութեանց անհամարժէքութիւն, ընտրութիւններով իշխանափոխութեան անհնարինութիւն…>>, ընդգծեց Ա. Վարդանեան:
Ապա անդրադառնալով <<ՈՉ>>ի կողմնակիցներուն, ըստ որոնց՝ այս համակարգը թող մնայ, ան ըսաւ. <<Իսկ ներեցէք, եթէ որոշուէր ետ գնալ նախագահական համակարգին, որը ձեր երազանքն է, ապա ի՞նչ էիք անելու. ասելու էիք՝ կողմ ենք, այսինքն՝ համագործակցելո՞ւ էիք Սերժ Սարգսեանի հետ, նրա հետ հանդիպելո՞ւ էիք, թէ նորից ասելու էիք՝ դէմ ենք: Այդ դէպքում՝ ո՞ւր կը մնային ձեր սկզբունքները>>:
Խօսելով այն քաղաքական գործիչներուն մասին, որոնք ասիկա ծուղակ կը համարեն, Աղուան Վարդանեան պատասխանեց. <<Ծուղակ է թէ ոչ, յառաջիկայ տարիները մենք պէտք է ապրենք կա՛մ հին, կա՛մ նոր համակարգում>>:
Իսկ ներկայացնելով ՀՅԴ դիրքորոշումը՝ պատգամաւորը նշեց, որ երբ այդ հարցը 1991ին քաղաքական օրակարգ անցաւ, Դաշնակցութիւնը համոզուած կողմնակից եղաւ խորհրդարանական կառավարման համակարգին: Դաշնակցութեան 7 առաջնահերթութիւններէն չորսը կ՛արտացոլան սահմանադրական այդ փոփոխութիւններու նախագիծին մէջ, որպէս հիմնարար դրոյթներ: Վարդանեան նաեւ ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը երկու տարի շարունակաբար աշխատած է մասնագիտական յանձնաժողովին հետ եւ կատարած է առաջարկներ՝ փաստարկներ ներկայացնելով այդ յանձնաժողովին:
<<Մենք առ այսօր էլ աշխատում ենք ու մինչեւ վերջին պահը ներկայացնելու ենք մեր առաջարկութիւնները, որովհետեւ մենք վստահ ենք՝ սահմանադրական փոփոխութիւնները դուռ են բացելու երկրի որակական զարգացման համար>>, հաստատած է Վարդանեան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ