«Յաղթութեան Միւռոն»ի օրհնութիւն՝ Ս. Էջմիածինի մէջ

By Asbarez | Tuesday, 29 September 2015

0929miuron4


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  27 Սեպտեմբերին՝ Վարագայ Ս. Խաչի տօնին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ, Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինի մէջ տեղի ունեցաւ 21րդ դարու երրորդ միւռոնօրհնէքը:


Միւռոնօրհնութեան սրբազան արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեան, Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, Հայոց եկեղեցւոյ նուիրապետական աթոռներու ներկայացուցիչներ, թեմակալ առաջնորդներ ու թեմական պատուիրակութիւններ, Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի անդամներ, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւորներ, կառավարութեան անդամներ, ազգային բարերարներ, մշակոյթի եւ գիտութեան գործիչներ եւ Հայաստանէն ու աշխարհասփիւռ համայնքներէ հասած ուխտաւոր հայորդիներ:
Հայոց եկեղեցւոյ հոգեւոր դասուն եւ համայն հայ ժողովուրդին աղօթակից էին ղպտի ուղղափառ, ասորի ուղղափառ, հնդիկ Մալապար, Ալեքսանդրիոյ եւ համայն Ափրիկէի յոյն ուղղափառ պատրիարքութեան, Անտիոքի եւ համայն արեւելքի պատրիարքութեան, ռուս ուղղափառ, Սերպիոյ ուղղափառ, Ռումանիոյ ուղղափառ, Կիպրոսի ուղղափառ, Չեխիոյ ուղղափառ, Ալպանիոյ ուղղափառ, Հռոմի կաթողիկէ, յոյն կաթողիկէ, ասորի կաթողիկէ, հայ կաթողիկէ, Անգլիքան, Ֆինլանտայի լուտերական, Սան Էճիտիոյ համայնքի եւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի պատուիրակներն ու ներկայացուցիչները:
Արարողութիւնը սկսաւ երեկոյեան ժամը 5ին: Վեհափառ հայրապետի ընթեռականերն էին Երուսաղէմի հայոց պատրիարք Նուրհան արք. Մանուկեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան:


Հայրապետական թափօրով կը փոխադրուէին միւռոնօրհնութեան արարողութեան ընթացքին գործածուող սրբազան մասունքները: Պոլսոյ հայոց պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան կը կրէր Կենաց Փայտի մասունքով խաչը, Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը՝ Ս. Գեղարդը, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Խաժակ արք. Պարսամեան կը կրէր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչին Աջը, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան՝ Ծաղկանց նիւթի սափորը, Արարատեան հայրապետական թեմի առաջնորդական փոխանորդ Նաւասարդ արք. Կճոյեան՝ Բալասանի սափորը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Չուլճեան՝ Մ. Մաշտոցի անուան Մատենադարանի պահոցէն այս առիթով դուրս բերուած Վեհափառի Աւետարանը, Փառէն արք. Աւետիքեան՝ Ս. Անդրէաս առաքեալի մասունքով Աջը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժինի տնօրէն Նաթան արք. Յովհաննիսեան՝ Ս. Ղուկաս Աւետարանիչի մասունքով Աջը, Ռուսիոյ եւ Նոր Նախիջեւանի հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս արք. Ներսիսեան՝ հին միւռոնով միւռոնաթափ մեծ աղաւնին, Հարաւային Ռուսիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Մովսէս եպս. Մովսիսեան կը կրէր Ս. Թադէոս առաքեալի մասունքով Աջը:

Մայր տաճարի երգչախումբը «Հրաշափառ» շարականի հանդիսաւոր կատարումով Բաց խորանի մատոյցներուն մէջ դիմաւորեց հայրապետական թափօրը, ապա միասնական Տէրունական աղօթքով սկսաւ միւռոնօրհնութեան խորհրդաւոր արարողութիւնը:

Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը միւռոնի կաթսային մէջ հեղեց ծաղկանց նիւթը եւ բալասանը, որմէ ետք ձեռամբ կաթողիկոսին կաթսային մէջ լեցուեցաւ նաեւ Անթիլիասի մէջ օրհնուած նոր միւռոնը, որ վեհափառ հայրապետին մատուցած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Շահան արք. Սարգիսեան: Միւռոնօրհնէքի արարողութեան յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսին մասնակցեցան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան:


comments