By Asbarez | Wednesday, 30 September 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան 29 Սեպտեմբերին աշխատանքային այցելութիւն տուած է երկրորդ բանակային զօրամիաւորման ենթակայ ստորաբաժանումներ:
Ըստ նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ այցելութեան նպատակն էր տեղւոյն վրայ դիտարկել զինուորական ծառայութեան կազմակերպման պայմանները, նոր կառուցուող ու նորոգուող շինութիւններու ընթացիկ աշխատանքները, ծանօթանալ սահմանագօտիի տուեալ հատուածի շօշափելի իրավիճակին, ինչպէս նաեւ ստուգել նախորդ այցելութիւններուն տրուած յանձնարարականներու կատարման ընթացքը:
Աշխատանքային այցելութեան ծիրին մէջ նախարար Սէյրան Օհանեան նաեւ այցելած է մարտական յենակէտեր, դիտարկած մարտական հերթապահութեան իրականացման պայմաները: Բանակային զօրամիաւորման հրամանատարութեան եւ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան պատասխանատու ստորաբաժանումներու ղեկավարներուն հետ քննարկուած են սահմանագօտիի տուեալ հատուածի մարտական յենակէտերու բարելաւման եւ կահաւորման նախաձեռնութիւնները:
Մարտական յենակէտերուն մէջ նախարարը ճաշած է հերթապահութիւն կատարող զինուորներուն հետ՝ իր երախտագիտութիւնը յայտնելով անձնուիրաբար ու խիզախօրէն ծառայելնուն համար:
Սահմանագօտիի տուեալ հատուած կատարած այցելութեան աւարտին հրամանատարական կազմին տրուած են ցուցմունքներ եւ յանձնարարականեր՝ իրականացուող աշխատանքները առաւել արդիւնաւէտ կատարելու առնչութեամբ, մասնաւորապէս Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին հետ համադրուած եւ ծրագրուած խնդիրներու ծիրին մէջ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ