Ընդունուած են ՀՅԴի առաջարկները

By Asbarez | Tuesday, 06 October 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Հոկտեմբեր 5ին գումարուած Ազգային ժողովի նիստին, Մասնագիտական յանձնաժողովի անդամ Վարդան Պօղոսեան իր ելոյթին մէջ նշած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու լրամշակուած նախագիծը զգալի փոփոխութիւններու ենթարկուած է պատգամաւորներու զանազան առաջարկներուն հիման վրայ, ապա ան մանրամասնօրէն ներկայացուցած է այդ հիմնական փոփոխութիւնները:


Վարդան Պօղոսեան մատնանշած է ՀՅԴի ներկայացուցած այն առաջարկները, որոնք ընդունուած են, մասնաւորապէս՝ 89րդ յօդուածին մասին առաջարկը, որ կը վերաբերի ԱԺ ընտրութիւնները համամասնական եղանակով կատարելուն:

ՀՅԴի առաջարկով՝ այս յօդուածին փոփոխութիւնը անպայման պէտք է կատարուի հանրաքուէով, այսինքն՝ <<համամասնական ընտրակարգը փոփոխութեան չի կարող ենթարկուել միայն խորհրդարանի կողմից, եւ դրա համար անհրաժեշտ կը լինի հանրաքուէ>>, բացատրած է Վ. Պօղոսեան:

ՀՅԴ միւս առաջարկը կը վերաբերի կայուն մեծամասնութեան ձեւաւորման երկրորդ փուլին, որուն պարագային միայն կը թոյլատրուի դաշինքներ կազմել: <<Դա շատ կարեւոր դրոյթ է. այն պարտադրում է ընտրական օրէնսգրքին՝ երկրորդ փուլի անցկացումից առաջ հնարաւորութիւն տալ առանձին կուսակցութիւններին նոր դաշինքներ կազմել>>, ըսած է Վարդան Պօղոսեան:

 

comments