Խումբ մը սփիւռքահայեր ստացան Հայաստանի քաղաքացիութիւն       

By Asbarez | Friday, 09 October 2015

1009citizen

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>> - Ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան կեդրոնին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիի անձնագիր ստանալու համար հաւաքուած էին Սուրիոյ, Լիբանանի, Ֆրանսայի, Իրաքի քաղաքացիութիւն ունեցող երկու տասնեակէ աւելի հայեր:

Լիբանանի մէջ սկսած քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ Պետօ Տէմիրճեան ընտանիքով տարիներ առաջ տեղափոխուած է Յունասատան: Հիմա ան կ՛ապրի Ֆրանսա եւ կ՛աշխատի ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատին գրասենեակի մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ստանալու համար համապատասխան փաստաթուղթերը հաւաքելու համար Տէմիրճեաններու ընտանիքին երեք տարի պէտք եղած էր:  Քանի մը շաբաթ առաջ վերջապէս տեղեկացած են, որ ամէն ինչ դասաւորուած է: Անոնք շտապած են հայրենիք՝ իրենց հայկական անձնագիրները ստանալու համար:

 


comments