Չիլիի Հայերը

By Asbarez | Wednesday, 14 October 2015

 

0000CHILE

100lives.com-ի վրայ տեղադրուած յօդուած մը՝ անդրադառնալով Չիլիի մէջ հայ համայնքին, կը գրէ. <<Լատին ամերիկեան շրջապտոյտ մը մեզ Անտեան լեռնաշղթային վրայէն կը տանի Չիլի, որ 19րդ դարէն սկսեալ դարձաւ հաստատման վայրը բազմաթիւ օտար գաղթականներու, եւ հայերը այս առումով բացառութիւն մը չէին:


1915-1923 Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործադրուած Ցեղասպանութենէն փախուստ տալու ընթացքին բազմաթիւ հայեր բարձրացան նաւեր, որոնք զիրենք պիտի տանէին Ամերիկա՝ <<խաղաղութեան երկիրը>>: Սակայն անոնցմէ շատեր չէին գիտեր, թէ նաւը Ամերիկեան ցամաքամասի ճիշդ որ երկիրը պիտի տանէր զիրենք: Անոնք իրենք զիրենք գտան Արժանթինի, Ուրուկուէյի, Պրազիլի եւ Չիլիի մէջ:

Առաջին հայերը Չիլիի մէջ կը կարծուին հաստատուած ըլլալ Լլայ-Լլայ փոքր քաղաքին մէջ, որովհետեւ շատ մօտ էր Վալփարայիզօ նաւահանգիստին: Ինչպէս ամէն մայրաքաղաք, Սանթիակօն քիչ առ քիչ զարգացաւ, եւ շատեր այդտեղ եւս հաստատուեցան:

Հայերը այստեղ եկան հաստատուելու, եւ հայկական հռչակաւոր ոգին այս հողերուն վրայ աննշմար չմնաց. թէ՛ բանաստեղծ Փապլօ Ներուտա, թէ՛ նախկին նախագահ Սալվատոր Ալլենտէ հայկական քոնիաքի մեծ համակիրներ էին:

<<Հայ Տուն>>ը

Այս համայնքի հաստատման համար կարեւոր դեր ունեցած մէկ այլ անձնաւորութիւն մըն է Լորիս Պերկամալի՝ հայ գաղթական մը, որ Չիլի հասած է 1935ին: <<Հայ տուն>>ը ունէր երգչախումբ մը, թատերական խաղեր եւ հայերէնի դասընթացքներ: Յետագային, անիկա վերածուեցաւ ընկերային ակումբի մը, որուն ժառանգութիւնը տակաւին կենդանի կը մնայ: Էմիլիա Ալմարզա Նազար եւ Ֆետերիքօ Ֆոլչ Գոյումճեան, համայնքի վարչութեան անդամները կ՛ըսեն, թէ <<ներկայիս, <<Հայ տուն>>ը բազմաթիւ գործունէութիւն ունի, ինչպէս՝ հայկական պատարագի մատուցում, աթլեթիզմի եւ մշակութային աշխատանքներ, հայերէն լեզուի դասընթացքներ, հայկական շարականներու երգչախումբ մը՝ ընկերակցութեամբ աւանդական նուագարաններու եւ արեւմտեան նուագարաններու, հայկական խոհանոցի դասընթացքներ եւ հայկական տօներու նշումներ:

Երիտասարդները Կը Ստանձնեն Ղեկավարութիւնը

Համայնքի հաստատումէն անցած են բազմաթիւ տարիներ, սակայն մարտահրաւէրները կը յամենան: 2006-2008ին, համայնքի նախագահ, հանգստեան կոչուած փոխծովակալ Հեռնան Պերկամալի Գոյումճեան կը յայտնէ. <<Պէտք է ապահովենք, որ երիտասարդները այստեղ լաւ ժամանակ անցընեն. այս միութիւնն ու հայկական ինքնութիւնը պահելը կարեւոր է: Գաղտնիքը՝ ընտրելն է լաւ ղեկավարներ՝ երիտասարդներ, որոնք պատրաստակամ են իրենց ժամանակը տրամադրելու դատին>>: Եւ ճիշդ այս է, որ կը պատահի։ Վարչութիւն կազմուած է հայերու ժառանգորդներէ, որոնք աշխատանք կը տանին հայկական ոգին կենդանի պահելու:

Համայնքի ներկայ նախագահը Կարօ Քոնսթանթինիտիս Լոթիքեանն է: <<Մեզի համար, հայ ըլլալ կը նշանակէ պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մեծապէս ազդեցիկ, սակայն 1915էն ետք բնաջնջումի եզրին հասած հազարամեայ մշակոյթի մը <<կենդանի վկայ>> ըլլալ: Թէեւ հայրենիքէն մղոններ հեռու կը գտնուինք, սակայն յաջողեցանք մեր ինքնութիւնն ու մշակութային ժառանգութիւնը կենդանի պահելով համարկուիլ մեզ ընդունած երկիրներուն հետ>>, կ՛ըսէ ան:
Այս վերածնունդին նպաստող դէմքերէն է հայր Սիփան Գէորգեան, որ երկու տարի առաջ Հայաստանէն եկած է Սանթիակօ, եւ Չիլիի մէջ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ առաջին հոգեւոր հովիւն է: Ան Կիրակի օրերը հայկական պատարագ կը մատուցէ եւ <<Հայ տուն>>ի մէջ հայերէն կը դասաւանդէ:

Մարմնամարզանքը Իբրեւ Մշակոյթ

Տեղւոյն համայնքը ունի իր ֆութպոլի խումբը, որ կը կոչուի <<Տեփորթիւօ Արմէնիօ>>, գնդակի թաւալումով կենդանի պահելով <<հայկականութեան>> ոգին: Խումբը արդէն քանի մը տարիէ ի վեր կը մասնակցի աւանդական Նաւասարդեան խաղերուն: <<Այս բեմահարթակը մեզ համարկած է ընկերային ցանցին հետ, մեզի տալով առիթ մը գտնուելու ամբողջովին հայկական մթնոլորտի մէջ, իտէալ մթնոլորտ մը՝ ստեղծելու կապեր եւ հաստատելու բարեկամութիւններ, որոնք յարատեւած են եւ հզօրացած>>, կ՛ըսէ Նաչօ՝ աւելցնելով. <<Մենք բոլորս կը սիրենք Սփիւռքի մէջ շփումներ հաստատել: Ատիկա կ՛արտօնէ աշխարհագրական պատուարները փլել եւ աւելի բազմազգեան զգալ: Մեր նպատակն է շարունակել ամրապնդել մեր երիտասարդները եւ, որոշ պահու մը, կազմակերպել տօնախմբութիւն մը, որ ի մի պիտի բերէ շրջանի հայերը, որպէսզի գիտնան, թէ աշխարհի այս կողմը փոքրիկ Հայաստան մը գոյութիւն ունի>>:

Փոքրիկ Հայաստան

Թէեւ անոնց թիւը փոքր է, անոնք հոյակապ համայնք մըն են. բազմաթիւ ծրագիրներ ունին եւ օրական դրութեամբ անոնց վրայ կ՛աշխատին: Մօտ օրէն Չիլիի մէջ նոր թեմ պիտի հիմնուի եւ հայկական առաջին եկեղեցին պիտի կառուցուի>>:

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement