Ստեփանակերտի «ԹՈՒՄՕ»ն կը յաճախեն աւելի քան 700 պատանիներ

By Asbarez | Saturday, 17 October 2015

1016tumo

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Հետք>> - Ստեփանակերտէն, Շուշիէն ու Ասկերանի շրջաններէն 12-18 տարեկան աւելի քան 700 արցախցի երեխաներ արդէն սկսած են յաճախելու Ստեփանակերտի <<ԹՈՒՄՕ>> ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն: <<ԹՈՒՄՕ>>ի մէջ դասերը սկսած են 5 Հոկտեմբերին, սակայն ընդունելութիւնը տակաւին կը շարունակուի: Այս մասին կը գրէ <<Հետք>>ի թղթակից Քնար Բաբայեան։


Ապագայ ծրագրաւորող, 13ամեայ Թամարա Սարգսեան առաջին անգամ <<ԹՈՒՄՕ>>ի մասին լսած է Գիւմրիի մէջ, ուր այն ատեն տակաւին նոր բացումը կատարուած էր կեդրոնին։


<<Երբ որ տեսայ Գիւմրիի <<ԹՈՒՄՕ>>ն, երազում էի, որ մի օր էլ Ստեփանակերտում նման կենտրոն բացուի: Երազանքս կատարուեց, ու ես այստեղ կայքերի ծրագրաւորում եմ սովորելու>>, ըսած է Թամարան:


Ստեփանակերտի <<ԹՈՒՄՕ>>ի տնօրէն Վիգէն Բալայեանի համաձայն՝ իրենք պատրաստ են ընդունելու մինչեւ 900 դիմորդ: Սահմանուած տեղերու ամբողջացումէն ետք եւս կը շարունակուի դիմումներու ընդունելութիւնը: Ուշացածները կրնան արձանագրուիլ <<սպասողներու ցանկ>>ին մէջ, որպէսզի եթէ կարելիութիւն ու առիթ ըլլայ միանան։


<<Աշխատանքային երկորդ շաբաթն է, եւ մենք շատ տպաւորուած ենք: Երեխաները շատ արագ են կատարում բոլոր վարժանքները, եւ մենք ստիպուած ենք աւելի բարդացնել դրանք: Աշխատում ենք հնարաւորինս շատ նիւթ տալ, քանի որ այստեղի երեխաները շատ խելօք են>>, դիտել տուած է Վ. Բալայեան:
Բացի հիմնական վարժանքներէն, շուտով պիտի սկսի առաջին յատուկ դասընթացքը, զոր պիտի վարէ իտալացի յայտնի ռազմական լուսանկարիչ Փիեռ Փաօլօ Ճիթօն:


<<ԹՈՒՄՕ>>ի մէջ երեխաները կ՛ուսանին 4 հիմնական ուղղութիւններով՝ կայքեր, խաղերու ու ժապաւէններու ստեղծում եւ գծանկարչութիւն:

 


comments