«Ոչ»ի ճակատի հաւաք՝ սակաւաթիւ մասնակիցներով

By Asbarez | Saturday, 31 October 2015

1031demo

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  Ազատութեան հրապարակին վրայ 30 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած է սահմանադրական բարեփոխումներուն դէմ <<Ո>>չի ճակատի հրաւիրած հանրահաւաքը, որուն մասնակցած են ընդամէնը քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ։ Հանրահաւաքը կայացած է յայտարարուած ժամէն բաւական ուշ։


Տեղի չէ ունեցած նաեւ այն երթը, որուն մասին նախապէս յայտարարած էին կազմակերպիչները, եւ այդ մասին իրազեկ դարձուցած Երեւանի քաղաքապետարանը: Խօսք առած են Ազգային ժողովի ՀԱԿ խմբակցութեան քարտուղար Արամ Մանուկեան, Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան, ՀԺԿ վարչութեան քարտուղար Ստեփան Մինասեան, Գիւմրիի <<Ասպարէզ>> ակումբի նախագահ, Գիւմրիի աւագանիի անդամ Լեւոն Բարսեղեան, <<Չէք անցկացնի>> քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամներ, որոնք ներկայացուցած են իրենց յառաջիկայ ընելիքները։

<<Չէք անցկացնի>> նախաձեռնութեան անդամները հանրահաւաքի աւարտին յայտնած են, որ <<Ո>>չի շարժման յաջորդ հանրահաւաքը տեղի պիտի ունենայ երեք շաբաթ ետք:

Դեկտեմբեր 6ին Հայաստանի մէջ տեղի պիտի ունենայ սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէն: Ազգային ժողովի երկու մեծ ուժեր՝ <<Հանրապետական>> եւ ԲՀԿ խմբակցութիւնները կ՛աջակցին փոփոխութիւններուն, անոնց միացած է նաեւ <<Դաշնակցութիւն>> խմբակցութիւնը: Փոփոխութիւններուն դէմ հանդէս կու գան <<Ժառանգութիւն>>, ՀԱԿ եւ ՕԵԿ խմբակցութիւնները:

 

 


comments