Նախագահի եւ քաղաքական ուժերուն հանդիպումները դրական են բնակիչներուն 36.1 տոկոսին համար

By Asbarez | Wednesday, 04 November 2015

1104gallup

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - <<Կալըփ Ինթըրնեշընըլ Էսոշիէյշըն>>ի հայաստանեան ներկայացուցչութեան Սեպտեմբեր 2015ին Հայաստանի մէջ կատարած հարցախոյզին հիման վրայ ի յայտ եկած է, որ սահմանադրական փոփոխութիւններուն առիթով Հայաստանի նախագահական նստավայրին մէջ նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ քաղաքական ուժերուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումներուն նկատմամբ դրական տրամադրուած է Հայաստանի բնակչութեան 36.1 տոկոսը, իսկ 41.7 տոկոսը՝ ժխտական:


22.3 տոկոսը այս հարցումին յստակ պատասխան չէ տուած։ Մասնակիցներուն 55.7 տոկոսը ըսած է, որ այդ հանդիպումները ձեւական բնոյթ կը կրեն: Ըստ 16.5 տոկոսին՝ անոնք կը նպաստեն սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին շուրջ քաղաքական ուժերուն միջեւ փոխհամաձայնութեան ապահովման, 14.8 տոկոսին կարծիքով՝ անոնք կը նպաստեն փոփոխութիւններու նախագիծի տարբերակի բարելաւման: Իսկ հարցախոյզի մասնակիցներուն 9.6 տոկոսին՝ անոնք կը նպաստեն նոր քաղաքական մշակոյթի ձեւաւորման:


Հարցախոյզին մասնակցած է 1105 քաղաքացի՝ տարբեր սեռի, տարիքի պատկանող, տարբեր վայրերու մէջ բնակող:

comments