Արցախի Պաշտպանութեան Նախարարը Քասփըրչիքին Ներկայացուցած Է Սահմանագիծին Վրայ Տիրող Վիճակը

By Asbarez | Thursday, 05 November 2015

1105kasperchik
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Արցախի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար, զօր. Լեւոն Մնացականեան շփման գիծին իրավիճակը ներկայացուցած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի։

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, թէ հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան-ատրպէյճանական հակամարտութեան զօրքերու շփման գիծին մէջ տիրող վիճակին եւ անոր վերաբերող զարգացումներուն, միտքեր փոխանակուած են 5 Նոյեմբերին կատարուելիք դիտարկման գործընթացներուն վերաբերեալ:

comments