By Asbarez | Monday, 07 November 2011
ԿՈՏԱՅՔ.- Նոյեմբեր 7ին Աղուերանի մէջ իրականացած սեմինարին ընթացքին, ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան (ԿԳՆ) արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան պետ Տիգրան Սահակեան նշեց, որ իրենք կը համագործակցին աւելի քան երեսուն երկիրներու ԿԳ նախարարութիւններուն հետ:
«Համագործակցում ենք ՄԱԿի, ԵԱՀԿի, Եւրոմիութեան, ԵՈՒՆԵՍՔՕի եւ այլ կառոյցների հետ: Վերջին երեք տարիների ընթացքում, 2000 օտարերկրեայ ուսանողներ են ժամանել Հայաստան՝ տարբեր ԲՈւՀերում սովորելու նպատակով», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ ամէն տարի, նախարարութեան կողմէ Հայաստանի քաղաքացիները կը գործուղուին տարբեր երկիրներ, բարձրագոյն կրթութիւն ստանալու նպատակով:
Ներկայիս Հայաստանի ԿԳ նախարարութիւնը կրթաթոշակներու փոխանակման պայմանագիրներ ունի շուրջ 12 երկիրներու հետ, որոնց շնորհիւ, հայ ուսանողներ կը գործուղուին արտասահման: Կրթաթոշակներու փոխանակումը յատկապէս կ՛իրականացուի Ռուսիոյ, Ռումանիոյ, Սլովաքիոյ, Չինաստանի, Եգիպտոսի, Չեխիոյ, Յունաստանի, Սուրիոյ ու Արաբական Էմիրութիւններու հետ:
Տիգրան Սահակեանի տեղեկութիւններով, ՀՀ համալսարաններէն ներս կ՛ուսանի 2000 օտարերկրեայ քաղաքացի, յատկապէս՝ Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Սուրիայէն եւ Արաբական Էմիրութիւններէն:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ