Գարեգին Բ. Կը Խոստանայ ԹՈՒՄՕ Կեդրոն Բանալ Նաեւ Էջմիածինի Մէջ

By Asbarez | Thursday, 12 November 2015

1112tumo
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 11 Նոյեմբերին ԹՈՒՄՕ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն այցելած Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը յայտարարած է, որ յառաջիկային ԹՈՒՄՕ կեդրոն պիտի հաստատուի նաեւ Էջմիածինի մէջ։

Գարեգին Բ. կաթողիկոս «Սիմոնեան» կրթական հիմնադրամի նախագահ, ԹՈՒՄՕ կեդրոնի հիմնադիր Սեմ Սիմոնեանի եւ կեդրոնի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Բեկոր Փափազեանի ընկերակցութեամբ շրջագայած է կեդրոնին մէջ եւ ծանօթացած ստեղծուած պայմաններուն եւ ուսումնական ծրագրերին:

ԹՈՒՄՕ յաճախող պատանիները վեհափառ հայրապետին ներկայացուցած են իրենց ստեղծած նոր խաղերն ու ծրագիրները: Իր կարգին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը պատասխանած է անոնց հարցումներուն։

Աւարտին Գարեգին Բ. իր օրհնութիւնը տուած է կեդրոնի հիմնադիրին, աշխատակազմին եւ սաներուն՝ բարձր գնահատելով ժամանակակից պահանջներուն համապատասխան կրթութիւն ապահովելու նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը: Ան յոյս յայտնած է, որ յառաջիկային նման կեդրոն կը հաստատուի նաեւ Էջմիածինի մէջ։

Այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին կ՛ընկերակցէին Մայր Աթոռի Վարչատնտեսական բաժինի տնօրէն Մուշեղ եպս. Բաբայեան եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Վարդան եպս. Նաւասարդեան:

comments

Advertisement