By Asbarez | Wednesday, 18 November 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>>.- Ազգային ժողովի 2016ի պետական պիւտճէի քննարկման նիստին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան նշած է, որ պետական պիւտճէի գլխաւոր ցուցանիշներէն մէկը ընթացիկ ծախսերու եւ հիմնական ծախսերու յարաբերակցութիւնն է, եւ այդ առումով՝ ցուցանիշներուն պատկերը տարուէ-տարի կը վատթարանայ:
<<2016ի համար ունենք 90.6 տոկոս ընթացիկ ծախսեր եւ միայն 9.4 տոկոս կապիտալ ծախսեր: Կոպիտ ասած՝ ընթացիկ ծախսերը ռոճիկացուցակն է, կապիտալ ծախսերը զարգացմանն ուղղուող միջոցներն են: 2008ին այդ տոկոսը 9.4ի դիմաց եղել է 20 տոկոս, 2010ին՝ 18 տոկոս , 2012ին՝ 13 տոկոս: Ո՞րն է կառավարութեան քաղաքականութիւնը, ո՞րն է ձեր կարծիքը, ի՞նչ պէտք անել այս անընդհատ անկումից դուրս գալու համար: Այլապէս ստացւում է, որ մենք պահում ենք հսկայական պետական ապարատ միայն աշխատավարձեր ու նպաստներ տալու համար, իսկ զարգացման համար շատ փոքր միջոցներ ենք յատկացնում>>, դիտել տուած է Աղուան Վարդանեան:
Պատգամաւորին երկրորդ հարցումը կը վերաբերէր հարկային նոր օրէնսգիրքին: Ան յիշած է, որ վարչապետը պիւտճէի ներկայացման ատեն շեշտած է, որ կառավարութեան ծրագիրով նախանշուած կառավարման ու կառուցուածքային բարեփոխումներուն զուգահեռ, նոր կարեւորութիւն պիտի ստանայ հարկային նոր օրէնսգիրքի քննարկումն ու ընդունումը: <<Դուք օրէնսգրքի մասին խօսեցիք, բայց կարո՞ղ էք ասել, թէ ո՞ր կառավարման ու կառուցուածքային փոփոխութիւնների մասին է խօսքը>>, հարց տուած է Վարդանեան:
Ելեւմուտքի նախարար Գագիկ Խաչատրեան ընդունած է, որ իսկապէս հիմնական ծախսերը քիչ են, եւ ասիկա պիւտճէի ամէնէն ցաւալի հարցերէն մէկն է: Բայց պիւտճէի կառուցուածքը այնպիսին է, որ՝ <<սոցիալական ծախսերից ետ գալը շատ դէպքերում լինում է աննպատակայարմար ու դժուար: Տնտեսութիւնը պէտք է աշխուժացուի եւ լրացուցիչ հարկային եկամուտներ ապահովի, պէտք է կրճատել ծախսերը, որոնք կը ստեղծեն խնայողութեան ռեժիմ, եւ ներքին ու արտաքին միջոցներից եկած ռեսուրսները պէտք է ուղղել դէպի կապիտալ ծախսերը>>, նշած է նախարարը:
Հարկային օրէնսգիրքին մասին խօսելով՝ նախարարը նշած է, որ անիկա շատ ծաւալուն է եւ կը վերաբերի տնտեսութեան բոլոր շրջագիծերուն: Անոր համաձայն՝ կառավարութիւնը մտադիր է վերցնել հարիւրէն աւելի կարգաւորումներ, որոնք կը խոչընդոտեն գործառնութեան զարգացման:
Աղուան Վարդանեան արձագանգած է, որ նախարարին ըսածներուն համամիտ է՝ երեք քայլերու շուրջ. պէտք է աշխատիլ տնտեսութեան զարգացման, ստուերի նուազեցման եւ խնայողութիւններու ուղղութեամբ, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է:
Պատգամաւորը յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առած է խնայողութիւններու հարցը: <<Կառավարութիւնը ուղղակի պարտաւոր է գնալ արմատական լուծումների, այլապէս մենք եոլա գնալու վիճակ ենք ստեղծում>>, շեշտած է ան։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ