Հայաստանի մէջ ապահովական խիստ քայլեր կ՛առնուին

By Asbarez | Wednesday, 25 November 2015

1124police

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Փանորամա>> -  Հայաստանի ոստիկանապետ Վլադիմիր Գասպարեան 23 Նոյեմբերին տեղի ունեցած խորհրդակցութեան ընթացքին ներկայացուցած է սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին օրը ծառայութեան կազմակերպման գլխաւոր ուղղութիւնները՝ ընտրատարածքներու մերձակայքը խճողումի բացառում, <<Ընտրութիւնների ժամանակ ոստիկանութեան գործողութիւնների ուղեցոյց>>ի իմացութեան ստուգումներու կազմակերպում տարածքային բաժանմունքներուն մէջ, կեդրոնական մեքանիզմի եւ ծառայութիւն կատարող միւս կառոյցներուն միջեւ անընդմէջ կապի ապահովում եւ այլն:


Ոստիկանութեան պետը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած է ֆիզիքական հարցեր ունեցող քաղաքացիներուն օժանդակելու պարագային։ Վլադիմիր Գասպարեան կարեւոր նկատած է հանրութեան, հասարակական կազմակերպութիւններու, զանգուածային լրատուուամիջոցներու եւ պարզ քաղաքացիներուն հետ տարուող աշխատանքը, յետադարձ կապի ապահովման անհրաժեշտութիւնը՝ ինչպէս հանրաքուէի օրը, այնպէս ալ նախորդ շրջանին։


Յիշեցնելով, որ ոստիկանութեան վերահսկողական ծառայութիւնները ընտրատեղամասերուն մէջ պիտի հսկեն աշխատանքին՝ Վլադիմիր Գասպարեան միւս ծառայութիւններուն հրահանգած է աշխուժացնել գետնի վրայ կանխարգելիչ աշխատանքները՝ քարոզարշաւի եւ հանրաքուէի ժամանակ պատշաճ հասարակական կարգ ապահովելու, իրաւախախտումները բացառելու, օրէնքի պահանջները լիարժէք կատարելու համար:

Վլադիմիր Գասպարեան անդրադարձած է նաեւ այս օրերուն հանրային գօտիներուն, փոխադրութեան կեդրոններուն, զանգուածային միջոցառումներու վայրերուն մէջ ոստիկանութեան արտաքին ծառայութեան խստացման՝ պայմանաւորուած համաշխարհային ու տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրներով:
Ոստիկանութեան պետը աւելցուցած է, որ այդ ոլորտին մէջ սերտօրէն համագործակցելով հանրութեան հետ, անհրաժեշտ է անվտանգութեան բարձր մակարդակ ապահովել նաեւ հանրաքուէին եւ նախորդող օրերուն։


comments

Advertisement