Հայաստանի մէջ յայտնաբերուած է յանցագործ խումբ մը

By Asbarez | Thursday, 26 November 2015

 

1128terrorists5 1128terrorists3 1128terrorists2

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> -  Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը 25 Նոյեմբեր 2015ին Նորք Մարաշի մէջ, Հայաստանի ոստիկանութեան հետ կատարուած միացեալ խուզարկութիւններով յայտնաբերած է յանցագագործ խումբ մը, որուն մօտ գտնուած է մեծ քանակութեամբ զինամթերք։

Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յայտնած են, որ 1981 թուականին ծնած, 1997էն Սպանիա բնակող եւ այս տարուան Ապրիլէն ժամանակաւոր կերպով Երեւան հաստատուած Հայաստանի քաղաքացի Արթուր Վալերիկ Վարդանեան, Հայաստանի մէջ ծանր յանցագործութիւններ կատարելու նպատակով 2015 թուականին կազմած եւ ղեկավարած է յանցագործ խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն մեծամասնութեամբ աշխատանք չունեցող Հայաստանի 19 քաղաքացիներ՝ 5ը Երեւան քաղաքի բնակիչներ, 7ն՝ Շիրակի մարզի, 3ը՝ Արմաւիրի մարզի, 2ը՝ Լոռիի մարզի, մէկը՝ Կոտայքի մարզի, մէկը՝ Գեղարքունիքի մարզի եւ մէկը՝ Սիւնիքի մարզի բնակիչներ, որոնց մէջ՝ չորս կիներ, իսկ երեքը՝ Արցախի ազատամարտի մասնակիցներ:

ԱԱԾ մամլոյ կեդրոնէն յայտնած են, որ վերոյիշեալ յանցագործութիւնները կատարելու նպատակով խումբը ապօրինի կերպով ձեռք բերած է զէնք եւ ռազմամթերք, որոնք պահած է Երեւան քաղաքի Նորքի 9րդ փողոց, 78րդ տուն հասցէով նախապէս այդ նպատակով վարձուած առանձնատան մէջ, ուր շուրջ մէկ ամիս խումբի անդամները կազմակերպած են հաւաքներ եւ մշակած յանցաւոր գործունէութեան ծրագիրներ:


Կատարուած խուզարկութիւններուն ընթացքին յայտնաբերուած են տարբեր տեսակի ինքնաձիգեր, ատրճանակներ, նռնականետեր, նռնակներ, պայթուցիկ նիւթեր եւ պայթուցիկ սարքաւորումներ, փամփուշտներ, փամփշտակալներ, կապի միջոցներ ու այլ տեսակի զէնք եւ ռազմամթերք:


Արթուր Վարդանեանի կողմէ վարձուած տան մէջ գտնուած են 6 հատ <<Ակ–74>> տեսակի ինքնաձիգ, 4 հատ <<Ակմ>> տեսակի ինքնաձիգ, մէկ հատ <<Թէ.Էն.Թէ.>> տեսակի ատրճանակ, տարբեր տրամաչափի ընդհանուր 5261 փամփուշտներ, 2 հատ ինքնաշէն պայթուցիկ սարքեր (խուզարկութեան պահուն միացուած էին, վնասազերծուած են), 1 հատ պայթեցման սարք, 1 հատ հակահրետանի բեկորային ական, շուրջ 1200 կրամ <<Թրոթիլ>> պայթուցիկ նիւթ, շուրջ 50 կրամ <<Փլասթիտ>> պայթուցիկ նիւթ, 11 հատ <<Ֆ1>> նռնակներ, 46 հատ <<Ռգ>> նռնակներ, 3 հատ <<Ռգդ–5>> նռնակներ, 2 հատ հակահրետանային նռնականետ, մեծ քանակութեամբ զինուորական զգեստ եւ այլն։ Յայտնաբերուած են նաեւ Հայաստանի, Երեւանի եւ Գիւմրիի քարտէզներ, յատակագիծեր՝ նշումներով, գրականութիւն, որ կը հաստատէ յանցաւոր համագործակցութեան կողմէ առանձնապէս ծանր յանցագործութիւններ կատարելու ուղղութեամբ նախապատրաստական աշխատանքներու փաստը:


ԱԱԾ քննչական վարչութեան մէջ յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 223րդ յօդուածի առաջին եւ երկրորդ մասերով եւ 235րդ յօդուածի երրորդ մասով կը կատարուի նախաքննութիւն:

Խումբին ղեկավարն ու անդամները ձերբակալուած են։

comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement