Հանրաքուէի պաշտօնական արդիւնքները կը հրապարակուին

By Asbarez | Tuesday, 08 December 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հանրաքուէի Կեդրոնական յանձնաժողովը գումարած է արտակարգ նիստ մը, որուն ընթացքին ամփոփած է Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու հանրաքուէի քուէարկութեան նախնական արդիւնքները եւ կազմած համապատասխան ցանկագրութիւն։


Ըստ նախնական արդիւնքներուն՝ քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն ընդհանուր թիւը եղած է 2 միլիոն 567 հազար 047, քուէարկութեան մասնակցած են 1 միլիոն 303 հազար 466 քաղաքացիներ: Անվաւեր նկատուած է 53 հազար 332 քուէաթերթիկ, <<այո>> քուէարկած է 825 հազար 851 անձ, <<ոչ>>՝ 421 հազար 600:

Մասնակիցներու հիմնական ցանկերուն մէջ ներառուած քաղաքացիներուն թիւը եղած է 2 միլիոն 547 հազար 918, ընտրական կեդրոններուն մէջ կազմուած լրացուցիչ ցանկերուն մէջ ներառուած են 67 քաղաքացիներ, ըստ գտնուելու վայրին լրացուցիչ ցանկերուն մէջ ընդգրկուած քաղաքացիներուն թիւը եղած է 16 հազար 798, բժշկական կեդրոններուն մէջ կազմուած լրացուցիչ ցանկերուն մէջ ներառուած քաղաքացիներուն թիւը եղած է 1542, ձերբակալուած անձերուն գտնուած վայրերուն մէջ կազմուած ցանկերուն մէջ ընդգրկուած քաղաքացիներուն թիւը՝ 0, ելեկտրոնային եղանակով քուէարկելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն թիւը՝ 265:

comments