By Asbarez | Saturday, 12 December 2015

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր Մեդիա>>.– Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 125ամեակին նուիրուած հայաստանեան նախաձեռնութիւնները ընթացք առին Եռաբլուր պանթէոնէն: Հարիւրաւոր քաղաքացիներ համախմբուած էին հերոսական բարձունքին վրայ: Ներկայ էին նաեւ Դաշնակցութեան ղեկավար մարմիններու ներկայացուցիչներ:
Եռաբլուր կը գտնուէին նաեւ այս առիթով յատուկ Հայաստան մեկնած ՀՅԴի կառոյցներու պաշտօնական պատուիրակութիւններ՝ աշխարհի 30 երկիրներէն, ազատամարտիկներ եւ այլն:
Դաշնակցութեան երիտասարդական միութեան 125 անդամներ խորհրդանշական ֆլեշ մոպ կատարեցին։ Անոնք Եռագոյնով ու ՀՅԴ դրօշակներով մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին արցախեան հերոսամարտին ընթացքին իրենց կեանքը զոհած ազատամարտիկներուն յիշատակը, ապա ուղղուեցան դէպի Անյայտ զինուորի յուշարձան, ուր արդէն որպէս դրօշակակիր հետեւեցան իրենց աւագ ընկերներուն երդման արարողութեան:
Եռաբլուր պանթէոնէն Դաշնակցականները՝ արդէն համալրուած շարքերով, ուղղուեցան քաղաքային պանթէոն, ուր տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ եւ յարգանքի տուրք մատուցուեցաւ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հիմնադիրներէն Արամ Մանուկեանի, դաշնակցական ականաւոր գործիչներ Հրայր Մարուխեանի, Խաժակ Տէր Գրիգորեանի, Էդուարդ եւ Վահան Յովհաննիսեաններու յիշատակին:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ