By Asbarez | Tuesday, 15 December 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Քանի մը ամսուան նախապատրաստական աշխատանքներէ ետք <<Լուսաւոր Հայաստան>> հասարակական-քաղաքական նախաձեռնութիւնը սկսած է իր գործունէութեան, որուն նպատակն է առողջացնել քաղաքական համակարգը։ Այս մասին յայտարարած է Ազգային ժողովի անկախ պատգամաւոր, նախաձեռնութեան հիմնադիր Էդմոն Մարուքեան:
<<Մեր բոլոր խնդիրները, որոնց մասին ամէն օր խօսում ենք, շան գլուխը թաղուած է քաղաքական համակարգի մէջ: Մեր հիմնական թիրախներից մէկը լինելու է կառավարման ծախսատար համակարգը, մեր կարծիքով, անհրաժեշտ է ունենալ փոքր կառավարութիւն՝ արդիւնաւէտ գործունէութեամբ>>, 12 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած <<Լուսաւոր Հայաստան>> կուսակցութեան հիմնադիր համագումարին յայտարարած է Մարուքեան:
Անոր համաձայն՝ Հայաստան պէտք է վաւերացնէ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման համաձայնագիրը, որ կարելիութիւն պիտի տայ եւրոպական տիպի երկիր մը ունենալու։
Ոմանք այս նոր կուսակցութիւնը կը նկատեն արեւմտամէտ, բայց նաեւ կան կասկածներ, թէ նախագիծը իշխանական է:
<<Այն, որ կուսակցութիւնը ընդդիմադիր է, դա դասական քաղաքականութեան կանոն է առաջին հերթին: Մենք յայտարարել ենք յստակ՝ <<Լուսաւոր Հայաստանը>> ընդդիմադիր քաղաքական միաւորում է եւ չի կիսում գործող իշխանութիւնների թէ՛ ներքին, թէ՛ արտաքին վարած քաղաքականութիւնը>>, նշած է նախաձեռնութեան հիմնադիրը:
Կուսակցութեան հիմնադիր համագումարին ներկայ եղած է 245 պատուիրակ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ