By Asbarez | Wednesday, 16 December 2015
ԵՐԵՒԱՆ - Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի (ԵՊԲՀ) ուսանողական խորհուրդի անդամները Բերդ քաղաքի <<Բերդ>> բժշկական կեդրոնին մէջ 11-12 Դեկտեմբերին կատարած են անվճար բժշկական քննութիւններ Տաւուշի մարզի սահմանամերձ գիւղերուն 18էն բարձր տարիքի բնակչութեան համար:
Բժշկական համալսարանի ուսանողական խորհուրդի նախագահ Անի Ռափեան ըսած է, որ կատարուած են սրտի, թոքի, քիթ-կոկորդ-ականջի, գեղձերու, մաշկի եւ նեարդային համակարգի վիճակի գնահատման քննութիւններ, ինչպէս նաեւ կատարուած է բերանի խոռոչի զննում, նաեւ՝ բժշկական–առողջապահական յատուկ դասընթացքներ տրուած են: Բժշկական քննութեան ենթարկուած է աւելի քան 100 բնակիչ՝ տարբեր հարցեր ունեցող: Ըստ Անի Ռափեանի՝ դիմած քաղաքացիներուն մօտ տիրական էին սիրտ-անօթային, շաքարախտի, նեարդաբանական խնդիրները:
Բժշկական քննութիւնը կատարուած է Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամին հետ միացեալ ծրագիրով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ