Ճատրակի Եւրոպայի Ախոյեանութեան՝ Հայաստան Յաղթեց Սպանիոյ

By Asbarez | Tuesday, 08 November 2011

ԱԹԷՆՔ.– Ճատրակի Եւրոպայի խմբային ախոյեանութեան 6րդ փուլին, Հայաստանի հաւաքականը 2.5:1.5 հաշուով յաղթեց սպանացիներուն:

Վճռական դարձաւ Գաբրիէլ Սարգսեանի խաղը, ուր ան յաղթանակ տարաւ Արիսմենտի Մարթինեսի նկատմամբ: Լեւոն Արոնեան – Ֆրանսիսքօ Վալյեխօ, Սալկատօ Լոբես – Սերգէյ Մովսիսեան, Վլադիմիր Յակոբեան – Իլյեսկաս Գորտոպա խաղերը աւարտեցան հաւասար արդիւնքով։

Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 7ին Հայաստանի հաւաքականը ջախջախիչ յաղթանակ տարած էր  Դանիայի նկատմամբ՝ գրաւելով վեցերորդ դիրքը:

Սպանիային դէմ յաղթանակ տանելով՝ Հայաստան ինը միաւորով նուաճեց երրորդ դիրքը: Նոյն դիրքը կը գրաւեն Ատրպէյճանն ու Գերմանիան. 10 միաւորով Ռումանիան գրաւած է երկրորդ դիրքը, իսկ 11 միաւոր վաստակած Պուլկարիան առաջին դիրքի վրայ կը գտնուի: Մրցումը կը շարունակուի:

comments

Advertisement