Apple-ի Համահիմնադիր Սթիւ Ուոզնիաք Հայաստան Կ՛այցելէ

By Asbarez | Wednesday, 09 November 2011

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Տեղեկատուական ճարտարագիտութեան ոլորտին մէջ համաշխարհային ներդրման գծով Հայաստանի նախագահի 2011ի մրցանակը ստանալու համար, Նոյեմբեր 10ին Հայաստան կը ժամանէ Apple համակարգիչի ընկերութեան համահիմնադիր Սթիւ Ուոզնիաք:
Իր երկօրեայ այցին ընթացքին, Սթիւ Հայաստանի մէջ հանդիպումներ կ՛ունենայ ՀՀ վարչապետին, կառավարութեան անդամներուն, ՏՃ ոլորտի Հայաստանի ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ ԱՄՆ դեսպան Ճոն Հեֆըրնի հետ:

comments