By Asbarez | Tuesday, 05 January 2016
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի մամլոյ բանբեր Դաւիթ Բաբայեան «Թեր»չի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է հայ իրականութեան մէջ 2015 թուականին արձանագրուած իրադարձութիւններուն՝ նշելով, որ անիկա բարդ տարի մը եղած է Արցախի համար։
«Հայրենիքը պաշտպանելիս զոհեր ունեցանք: Դա բոլորիս համար ողբերգութիւն էր, քանի որ իւրաքանչիւր զինուորի կորուստ ընդունում ենք որպէս անձնական կորուստ: Տարին լարուած էր, քանի որ հակառակորդը կիրառում էր ծանր զինատեսակ՝ խախտելով զինադադարի ռեժիմը», յայտնած է ան։
Որպէս տարուան մեծագոյն դժուարութիւններէն մէկը՝ Բաբայեան անդրադարձած է նաեւ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու սպանութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ հայերուն դիմագրաւած դժուարութիւններուն:
«Միւս կողմից էլ, ի հարկէ՛, եղել է նաեւ ձեռքբերումների տարի: Շարունակուել է պետականաշինութեան գործընթացը: Բանակի մարտունակութիւնն է բարձրացել, հակառակորդի կողմից ձեռնարկուած բոլոր ոտնձգութիւնները ետ են շպրտուել: Արցախի տնտեսութիւնը նախնական կանխատեսումների հիման վրայ, կարելի է ասել, որ ՀՆԱն մօտ 9 տոկոս աճ է ունենալու, ինչը կարեւոր ձեռքբերում է», ըսած է ան։
Դ. Բաբայեան Արցախի պետականաշինութեան համար կարեւոր ձեռբերում նկատելով 2015ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքով ստեղծուած նոր, «արհեստավարժ խորհրդարան»ը, նկատել տուած է. «Թէեւ դրանով բոլոր հարցերը չեն լուծւում, այդուամենայնիւ, այն շատ կարեւոր քայլ է: Սպորտի, գիտութեան, մշակոյթի եւ այլ ոլորտներում նոյնպէս շօշափելի յաջողութիւններ ունեցանք»:
Անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի միջազգային ճանաչման՝ Դաւիթ Բաբայեան ըսած է, թէ ընդհանրապէս վերջին տարիներուն այդ գործընթացը լայն թափ ստացած է:
2016ի ակնկալութիւններուն կարեւորագոյնը խաղաղութիւնն է. «Աշխարհաքաղաքական զարգացումներն այնպիսին են, որ հակառակորդն, ըստ երեւոյթին, շարունակելու է իր ստոր քայլերը: Հաշուի առնելով հանգամանքը, որ Ատրպէյճանում իրավիճակը բարդանում է, հետեւաբար ներքին լարուածութիւնը շեղելու համար նրանք դիմելու են սահմանային լարուածութեանը: Պատրաստ ենք ըստ ամենայնի շարունակել պետութեան զարգացումը: Յոյսով ենք, որ կարող ենք աւարտին հասցնել Սոթք-Մարտակերտ մայրուղին, որը կարեւոր է եւ ռազմավարական մեծ նշանակութիւն ունի», ընդգծած է Դաւիթ Բաբայեան:
Ան նաեւ լուսարձակի տակ առած է այն երեւոյթը, որ 2016ին պիտի տօնուի Արցախի Հանրապետութեան կազմաւորման եւ անկախութեան 25ամեակը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ