Եւրամիութիւնը Կայ Եւ Պիտի Մնայ Հայաստանի Մէջ. Լիթուանիոյ Դեսպան

By Asbarez | Wednesday, 06 January 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի մէջ Լիթուանիոյ դեսպան Էրիքաս Փեթրիքաս «Նիուզ»ի հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ իր երկիրը Եւրոմիութեան 28 երկիրներէն մէկն է եւ ի հարկէ կ՛աջակցի Հայաստանի հետ բանակցութիւններու մեկնարկին՝ ջանալով նպաստել այդ համագործակցութեան։

Դեսպանը Հայաստանը շնորհաւորած է այն առիթով, որ 7 Դեկտեմբեր 2015ին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան եւ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան Գերագոյն ներկայացուցիչ, Եւրոյանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի նոր էջ բացած են երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ: «Ատոր համար ալ հաւանաբար ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել, որ Եւրոմիութիւնը եղած է, կայ եւ առկայ պիտի մնայ հոս։ Խորքին մէջ ներկայիս մենք կարելիութիւններ կը փնտռենք  պարզելու, թէ ո՛ւր կարելի է համագործակցիլ, ինչ ոլորտներու մէջ, որքա՛ն եւ ինչ մակարդակներու վրայ: Ես շատ ուրախ եմ, որ բանակցութիւնները սկսած են», յայտնած է դեսպանը։

comments

Advertisement