Աւետիսեաններու սպանդէն տարի մը ետք տակաւին ոճրագործը չէ պատժուած

By Asbarez | Wednesday, 13 January 2016

0113avedisian

ԵՐԵՒԱՆ - Արդէն տարի մը անցած է Գիւմրիի մը տեղի ունեցած ահաւոր ոճիրէն, որուն զոհ գացին Աւետիսեան ընտանիքին բոլոր անդամները։ 12 Յունուարին՝ ժամը 13:00ին այս առիթով Գիւմրիի քաղաքային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որուն Աւետիսեաններուն հարազատներուն կողքին ներկայ էին մեծ թուով գիւմրեցիներ, Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Նիկոլ Փաշինեանը, Զարուհի Փոստանջեան, Նաիրա Զոհրաբեան, Սուքիաս Աւետիսեան, Արման Սահակեան, Տեղական ինքակառավարման եւ արտակարգ իրավիճակներու նախարար Արմէն Երիցեան, Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան, Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան: Ժամը 17:30ին Գիւմրիի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ մոմավառութիւն:

12 Յունուարին՝ ոճիրէն տարի մը ետք, Աւետիսեաններու հարազատներն ու լրագրողները առաջին անգամն ըլլալով մտան Աւետիսեաններու տունը, ուր գրեթէ ամէն  ինչ նոյնն է, նոյնիսկ տօնածառը տակաւին կանգուն է։

Աւետիսեաններու հարազատները այս առիթով յայտնած են, որ իրենք դժգոհ են դատական ընթացքէն, որովհետեւ դատին մէջ <<որեւէ փոփոխութիւն չկայ>>:

<<Տարիները կ՛անցնեն, գործը կը քնացնեն, յետոյ իրանց ուզածով մի բան կ՛անեն, յետոյ մէկին կը կախեն, կ՛ասեն՝ կախուաւ պրծաւ>>, ըսած է Յասմիկ Աւետիսեանի քոյրը՝ Ռիտա Պետրոսեան, նշելով. <<Դատաւորը նստած՝ չունի պատասխան, ռուսների գերին են>>:

Թէեւ դատարանին առաջ 102րդ ռուսական ռազմախարիսխի զինուոր Վալերի Պերմեաքով կանգնած է, սակայն Աւետիսեաններու հարազատները չեն հաւատար, որ ռուս զինուորը առանձինն կատարած է այս ոճիրը: <<Որ ինքն է արել՝ հնարաւոր է, բայց որ մենակ է արել՝ չեմ հաւատայ: Եթէ գտել էք, որ մենակ ինքն է, էլ մարդ չկայ, տուէք՝ մենք էլ որոշենք, թէ ինչ կ՛անենք>>, դիտել տուած է Ռիտա Պետրոսեան՝ աւելցնելով. <<Ինչ իրենց ձեռք կը տայ, այդպէս էլ կ՛անեն>>:

Աւետիսեաններու հարազատները նաեւ դժգոհ են այն իրողութենէն, որ հայկական դատարանի դատը՝ տուեալ գործով, կը կատարուի Գիւմրիի մէջ տեղակայուած ռուսական 102րդ ռազմակայանին մէջ գործող կայազօրային դատարանի տարածքին մէջ, ինչպէս նաեւ դժգոհ են դատական նիստի պայմաններէն: Անոնք ըսած են, որ հաւանաբար պոյքոթի ենթարկեն 18 Յունուարին նախատեսուած նիստը, եթէ անիկա կայանայ նոյն վայրին մէջ: <<Մենք մինչեւ Եւրադատարան կը գնանք, բոլորին նորից ոտքի կը հանենք>>, յայտնած է Պետրոսեան:

Միւս կողմէ, նախարար Արմէն Երիցեան ըսած է, որ կը հաւատայ Աւետիսեաններու սպանութեան գործով իրաւապահ մարմիններուն առած քայլերուն եւ գործին արդար ընթացքին։ <<Դատավճիռը կը լինի, եւ մենք բոլորս կը տեսնենք, որ դա արդար է լինելու: Եթէ որոշում է կայացուել, որ դատավարութիւնը պէտք է տեղի ունենայ ռազմաբազայի տարածքում, կարծում եմ, դա արդար որոշում է>>, դիտել տուած է Արմէն Երիցեան:

Մարզային ու քաղաքային իշխանութիւնները եւս յոյսով են, որ դատական գործընթացը վերջապէս լոյս կը սփռէ Աւետիսեաններու ընտանիքին սպանութեան գործին վրայ, իսկ ոճրագործը կը ստանայ իր արժանի պատիժը: <<Մէկ տարի է անցել: Դատական պրոցեսը ընթացքի մէջ է, Յունուարի 18ին տեղի կ՛ունենայ գործով երկրորդ դատական նիստը: Յոյսով եմ եւ վստահ, որ յանցագործն իր արժանի պատիժը կը ստանայ>>, լրագրողներուն ըսած է Շիրակի մարզպետ Ֆելիքս Ցոլակեան:

Գիւմրիի քաղաքապետ Սամուէլ Բալասանեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին դիտել տուած է, որ տակաւին բազմաթիւ հարցեր անհասկնալի կը մնան: <<Սպասենք դատական պրոցեսին. շատ հարցեր կան, որոնք անհասկանալի են, եւ դատական պրոցեսի ժամանակ պէտք է պարզաբանուի: Ինձ մօտ նոյնպէս կասկածներ կայ, օրինակ, ո՞նց կարող էին հարեւանները չլսել կրակոցների ձայները, կամ ո՞նց կարող էին բոլորն իրենց անկողիններում մնային, երբ մէկ մարդ հերթով սպանում էր ընտանիքի անդամներին: Ո՞նց կարող է երիտասարդ մարդը տեղից չշարժուել>>, հարց տուած է Բալասանեան:

Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Իւան Վոլինքին եւ դեսպանատան դիւանագէտները այս առիթով այցելած են Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցի, ուր յիշատակի մոմեր վառած եւ հոգեհանգիստ պատուիրած են։ Գիւմրիի մօտ Ռուսիոյ գլխաւոր հիւպատոս Եւկենի Քոնիշեւ այցելած է Աւետիսեաններու գերեզմաննոցը եւ ծաղիկներ զետեղած անոնց շիրիմներուն վրայ։

comments