Աղաւնոյ գետի ափին պատրաստ է առաջին նորակառոյց թաղամասը՝ Առիաւանը

By Asbarez | Friday, 22 January 2016

 

0122ariavan1

 

ԵՐԵՒԱՆ -  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան քաղաքաշինութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գետի ափին կառուցուող 50 առանձնատուներէն 26ը արդէն պատրաստ են օգտագործման:

Թաղամասին մէջ ներկայիս վերջին աշխատանքները կը կատարուին, կը բարեկարգուի բնակարաններու մերձակայ տարածքը, արդէն տեղադրուած են եզրաքարերը, խճապատուած են ճամբաները։ Առիաւանի միւս 24 բնակարաններուն մէջ կը շարունակուին շինարարութեան աշխոյժ աշխատանքները, որոնք այս տարի պիտի աւարտին: Արդէն ամբողջացած է արտաքին ջրամատակարարման եւ կոյուղիի ցանցերու կառուցումը:

Առիաւանցիները մնայուն ջուր պիտի ունենան: Յիշեցնենք, որ բնակարաններու շինարարութիւնը սկսած է 2013 թուականին՝ Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան վերաբնակեցման գօտիի զարգացման ծրագիրներու ծիրին մէջ: Ֆինանսաւորումը կը կատարուի լիբանանահայ գործարարներուն կողմէ հիմնադրուած ԱՌԻ ընկերութեան, Լեռնային Ղարաբաղի կառավարութեան եւ Արցախի ներդրումային հիմնադրամին համաֆինանսաւորմամբ: Ծրագիրը եռափուլ է, իւրաքանչիւր հանգրուանի կը նախատեսուի կառուցել 50 բնակելի առանձնատուն:


comments