By Asbarez | Tuesday, 26 January 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Թերթ>> - 22 Յունուարին գրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Հայաստանի անվտանգութեան միջավայրը եւ մասնաւորապէս հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակը ներկայացնելով՝ պաշտպանութեան փոխնախարար Դաւիթ Տօնոյեան ըսած է. <<Մեր բանակը զինուորների քանակի բանակ չէ, մեր բանակը խելացի գործող բանակ է>>։
<<Մեր բանակը պատրաստուած է՝ օգտագործելով աշխարհագրական դիրքը եւ առաջնագծի կահաւորուածութիւնը, դոմինանտ է հակառակորդի նկատմամբ>>, նշած է ան՝ պատասխանելով գրողներէն մէկուն այն հարցումին, թէ նկատի ունենալով արտագաղթի հոսքը, արդեօք զինուորականներուն թիւը բաւարար չափով ապահովուա՞ծ է:
Դ. Տօնոյեան աւելցուցած է, թէ բանակը կը համալրուի պարտադիր ժամկէտային եւ պայմանագրային զինուորներուն շնորհիւ: Ըստ անոր՝ 1994էն մինչեւ այսօր 100,000է աւելի զօրացրուածներ սահմանագիծին վրայ ծառայած են, անոնք այսօր 35-36 տարեկան են առաւելագոյնը եւ գիտեն, թէ ի՛նչ կը նշանակէ գիշեր-ցերեկ հակառակորդին դիմաց կանգնիլ։
<<Այնպէս որ մենք համալրման խնդիր չունենք, իսկ հակառակորդի զսպման համակարգ ստեղծելու համար մեր ռեսուսրն աւելի քան բաւարար է>>, եզրափակած է ան:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ