Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն իշխանութեան որակը փոխելու ցանկութիւն ունի»

By Aztag Daily | Tuesday, 02 February 2016

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 1 փետրուարին խորհրդարանին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է Դաշնակցութիւն-իշխանութիւն համագործակցութեան եւ յստակեցուցած, թէ ի՛նչն է պատճառը, որ իշխանութեան հետ համագործակցութեան անցան ինքնին այս հանգրուանին:

<<Այս սահմանադրութենէն կը բխին տասը-տասնհինգ շատ կարեւոր օրէնքներ, կը բխին մօտ 400-է աւելի օրէնքներու փոփոխութիւններ, որոնց մէջ Դաշնակցութիւնը պէտք է ըլլայ համահեղինակ: Փորձը փաստեց, որ եթէ դուն  դուրսէն կը խօսիս, քու ըսածներդ այդքան չեն արձանագրուիր հետագայ նախագիծերուն մէջ: Կ՛ուզենք համահեղինակ ըլլալ բոլոր այս օրէնքներուն ընդունման հարցին մէջ: Այս է գլխաւոր նպատակը: Զուգահեռաբար` միայն դէտի դերակատարութեան մէջ հանդէս գալով` մենք այդ խնդիրը չէինք կրնար լուծել: Այս է ամբողջ նպատակը, որ մենք երթանք  աւելի սերտ համագործակցութեան` հասկնալով, որ շատերը կրնան ատիկա տարբեր ձեւով մեկնաբանել>>, ըսած է պատգամաւորը:

Ան դիտել տուած է, որ երբ Դաշնակցութիւնը որոշէ քայլի մը դիմել, անպայման կը գործադրէ զայն: <<Ով ինչ կ՛ուզէ թող խօսի, վերջը  արդիւնքները ամէն ինչ ցոյց կու տան: Վնաս չունի, եթէ այս ընթացքին  մենք վարկանիշի անկում ունենանք. իշխանութեան հետ ըլլալը վարկանիշի անկում կ՛ենթադրէ, բայց աւելի լաւ է` մենք այս գինը վճարենք, քան ազգովին պետութիւնը կորսնցնենք: Այդ պատճառով  մենք այս ճամբան ընտրեցինք եւ չվախցանք մեր վարկանիշի ժամանակաւոր կորուստէն: Մենք վստահ ենք, որ ապագայի արդիւնքները շատ աւելի կարեւոր են, քան այն, ինչ որ խօսեցան մեր մասին>>, նշած է Ռուստամեան:

Ան նշած է, որ միայն իշխանութիւնը չէ, որ վատ վիճակի մէջ է, այլ ամբողջ երկիրը: <<Անոնք հասկցան, որ պէտք է կատարեն այս փոփոխութիւնները, քանի որ այսպէս շարունակել այլեւս կարելի չէ: Թող  այս ընթացքին ալ հայհոյեն: Յանուն գալիք վառ խարոյկի, ես պատրաստ եմ այսօր ծխալ, յանուն վաղուան ճշմարտութեան, թող հիմա ծխանք: Դաշնակցութիւնը չի կրնար պարզ կարգով յառաջ գնալ, ատիկա պարզունակ կուսակցութիւն չէ. 32 երկիրներու մէջ Դաշնակցութիւնը կառոյցներ ունի, ցոյց տուէք մէկը, որ ատիկա ունի: Եթէ ժողովուրդին 80 առ հարիւրը դժգոհ է մէկէն, բայց անոր ձայն կու տայ, ուրեմն մեր երկրին մէջ սխալ բան մը կայ: Մենք կ՛ուզենք համակարգը փոխել: Եթէ միայն այդ դաշտը մնացած է, մենք պատրաստ ենք այդտեղ պայքարիլ: Ընդդիմութեան միացանք, մտանք քառեակ, քառեակը մեր ըսածները չկատարեց: Քառեակը թող մնար մեր գիծին վրայ, մենք մեր խնդիրները կը լուծէինք: Նոյնիսկ երկու ամիս չդիմացան, ինչ որ կը նշանակէ` սխալ մարտավարութիւն ընտրած էին: Եթէ իշխանութիւնը հեղինակազրկուած է, ատիկա բոլորիս խնդիրն է: Այդ հեղինակազրկուած ուժը մեզ կը ղեկավարէ: Իրավիճակին մէջ իրական ազդեցութիւն ունեցողը ատիկա է: Մենք այդ պատճառով կը մտնենք, կը մտնենք, որ իշխանութեան որակն ալ փոխենք, երկրին մէջ իրավիճակ փոխուի>>, եզրափակած է Արմէն Ռուստամեան:

 


comments