By ARF Press Office | Tuesday, 02 February 2016

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի մամլոյ դիւանը կը հաղորդէ, որ 30 յունուարին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինին հրաւէրով, տեղի ունեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցութիւն, որուն կը մասնակցէին Դաշնակցութեան Հայաստանի կառոյցի 50 կոմիտէներու եւ տասը մարզային կոմիտէներու շուրջ 80 ներկայացուցիչներ:
Հանդիպումին բացումը կատարեց ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, որ համառօտ կերպով անդրադարձաւ ներքաղաքական զարգացումներուն, օրակարգային, առաջնահերթ խնդիրներուն` նոյն շրջագիծին մէջ կարեւոր նկատելով ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի քաղաքական դերակատարութիւնը:
ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան, հանգամանալից կերպով ներկայացնելով վերջին շրջանին երկրին մէջ ընթացող ներքաղաքական հոլովոյթները, անդրադարձաւ ընկերային, քաղաքական ու տնտեսական կեանքին մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած եւ ակնկալուող դերակատարութեան: Յատկապէս քննութեան առարկայ դարձնելով ՀՅԴ-ի հանրայայտ 7 կէտերը` ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը որոշակի գոհունակութիւն յայտնեց վերոյիշեալ կէտերուն շուրջ արձանագրուած դրական լուծումներուն առնչութեամբ, խօսեցաւ իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեան սպասելիքներուն եւ ձեւաչափերուն մասին:
Ներկայ հանգրուանին Հրանդ Մարգարեան իբրեւ քաղաքական ձեռքբերում որակեց նոր սահմանադրութեան ընդունումը, ուր գործադրուած են ՀՅԴ-ի հիմնական սկզբունքներն ու մօտեցումները երկրի կառավարման ձեւին եւ շարք մը կարեւորագոյն քաղաքական խնդիրներու շուրջ:
Անդրադառնալով յետսահմանադրական ընթացքին` Մարգարեան կարեւոր նկատեց ՀՅԴ-ի քաղաքական դերակատարութիւնն ու պատասխանատուութիւնը երկրին մէջ գոյութիւն ունեցող ընկերային, տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները դիմագրաւելու առումով: Խորհրդակցութեան ընթացքին յատկապէս ընդգծուեցան ներկուսակցական խնդիրները` կուսակցութեան ընդլայնումն ու կազմակերպուածութիւնը դիտելով իբրեւ ամէնօրեայ արդիւնաւէտ աշխատանքի նախապայման:
Խորհրդակցութեան յաջորդող հարցուպատասխանի ընթացքին արծարծուեցան եւ պարզաբանումներ տրուեցան իշխանութեան հետ հաւանական համագործակցութեան բովանդակութեան եւ ձեւաչափին շուրջ: Հանդիպումներու շարքը պիտի շարունակուի` աւելի հանգամանալից քննելու ՀՅԴ-ի ներքաղաքական եւ ներկուսակցական օրակարգերը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ