Հրանոյշ Յակոբեան կարեւոր կը նկատէ սփիւռքահայութեան ներդրումները

By Asbarez | Friday, 05 February 2016

0205hranoush

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Առաւօտ>> - <<Սփիւռքը պէտք է տեսնի, որ հայրենիքն իրենից ոչ միայն բարեգործութիւն է ակնկալում, այլեւ ներդրումներ>>, յայտարարած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան ՄԱԿի մանկական հիմնադրամի, Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան, սփիւռքի նախարարութեան եւ <<Առաքելութիւն արեւելք>> կազմակերպութեան կողմէ կազմակերպուած համաժողովին ընթացքին։

<<Մենք Հայաստանը հռչակեցինք համայն հայութեան հայրենիք ու սրանով նաեւ Սփիւռքին ազդակ ուղարկեցինք, որ Հայաստանի զարգացման, առաջընթացի համար անհրաժեշտ են նաեւ Սփիւռքի կապերը, հնարաւորութիւնները, ֆինանսները, մօտեցումները, ծրագրերը, ներդրումները: Սփիւռքահայը պէտք է գայ հայրենիք ու եկամուտ ստանայ: Եթէ սփիւռքահայը եկամուտ ստանայ, հայրենիքն էլ եկամուտ կը ստանայ, որովհետեւ նա աշխատատեղեր կը ստեղծի, կը կրճատուի գործազուրկների, աղքատների թիւը>>, դիտել տուած է ան

Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին սփիւռքի նախարարը նշած է, որ Հայաստանի մէջ կայ 16-17 հազար սփիւռքահայ, որոնք արդէն կայացած գործառնութիւններ ունին հայրենիքի մէջ. <<Մենք օգնում ենք փոքր եւ միջին բիզնեսի կայացմանը, արդէն իսկ 1.5 միլիոն տոլար վարկ է յատկացուել՝ 4 տոկոսով: Յուրախութիւն մեզ՝ մեր հայրենակիցները կարողանում են հաստատուել մի շարք ոլորտներում եւ յատկապէս սպասարկման ու սննդարդիւնաբերութեան ոլորտներում>>, դիտել տուած է նախարարը:

Հայաստանի մէջ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավար Փէօթր Սուիտալսքի իր խօսքին մէջ նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանին՝ աշխատանքի համար արտերկիր մեկնողներուն թիւը նուազեցնելու։ <<Անոնք, որոնք արտասահման կը գտնուին, շատ աւելի մեծ օգուտ կրնան ունենալ, եթէ մնան իրենց երկրին մէջ: Մենք կ՛ուզենք օգնել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որպէսզի կարենան ստեղծել այնպիսի պայմաններ, որ հայերը չհեռանան Հայաստանէն, իրենց ապագան կապեն իրենց երկրին: Այս հողը չափազանց գեղեցիկ է: Այդ պատճառով ալ պէտք չէ թոյլ տալ երիտասարդ տաղանդներուն՝ իրենց ապագան հոսկէ դուրս՝ այլ երկիրներու մէջ փնտռելու>>, յայտնած է Սուիտալսքի:

 

 

 



comments

Advertisement