<< Սա մէկ տարուայ համագործակցութիւն չէ >> Աղուան Վարդանեան

By Asbarez | Thursday, 11 February 2016

0211aghvan


ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - <<Ազատութիւն>> ձայնասփիւռի կայանին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան յայտարարեց, որ ՀՅԴ-ՀՀԿ համագործակցութիւնը մէկ տարուան համագործակցութիւն չէ, այլ ուղղուած է դէպի ապագայ:

Ան անլուրջ նկատեց այն բոլոր հրապարակումները, որոնք կան մամուլին մէջ եւ շրջան կ՛ընեն լրատուամիջոցներուն կողմէ։ <<Կայ համագործակցութեան առաջարկութիւն, կան աշխատանքային քննարկումներ,  քննարկուող խնդիրներն այնքան բազմազան են եւ առանցքային, որ կենտրոնանալ միայն պաշտօնների վրայ, լուրջ չէ: Մենք հսկայական աշխատանք ենք կատարում, եւ սա ինտրիգային չէ, մեր երկրում որակական փոփոխութիւնների հասնելու մեր պատկերացումներն ենք ներկայացնում եւ փորձում ենք գալ համաձայնութեան: Երբ երկու ուժեր բանակցում են, քննարկում են, բնականաբար, տեսակէտների բախում, բանավէճ է լինում, փորձում ենք լուծումներ գտնել: Մեր հիմնական խնդիրն է՝ գտնել այն ուղղութիւնները, որ կարողանանք համատեղ ուժերով դրական ակնկալիք, յոյս առաջացնել մեր քաղաքացիների մօտ: Երկրորդ խնդիրը՝ համագործակցութեան ձեւաչափն է. երկու ուժեր պէտք է համատեղ աշխատեն՝ ի՞նչ  ֆորմատով են աշխատելու, ինչպէ՞ս են քննարկելու հարցերը, ինչպէ՞ս են որոշումներ կայացնելու, խորհրդատուական մարմին անհրաժե՞շտ է, թէ չէ, սրանք եւս կարեւոր հարցեր են, որ վաղը, միւս օրը խնդիրներ չառաջանան: Եւ միայն երրորդ խնդիրն է՝ համապատասխան ոլորտների ընտրութեան հարցը>>, յայտարարեց Վարդանեան։ Ան տեղեկացուց, որ կրթութեան եւ գիտութեան, տարածքային կառավարման եւ տնտեսութեան նախարարի պաշտօնները Դաշնակցութեան փոխանցելու հարցը քննարկման փուլի մէջ է։

ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչը վստահեցուց, որ քանի մը օրէն ամէն ինչ աւելի յստակ կ՛ըլլայ։ Ըստ անոր՝ ամէն շաբաթ կը գումարուին ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի նիստերը, կը կատարուին միացեալ քննարկումներ ՀՅԴ Բիւրոյին հետ, իսկ այս հանգրուանին համագործակցութեան շուրջ  բանակցութիւնները հիմնականին մէջ կը կայանան Հայաստանի եւ ՀՀԿի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանտ Մարգարեանի միջեւ:

Պատասխանելով լրագրողի մը այն հարցումին, թէ 2017էն ետք համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի՞՝ Վարդանեան նախ նշեց, որ բնականաբար այսօր այդ հարցումին պատասխանելը շատ թէական կ՛ըլլայ. ան շեշտեց, որ ներկայիս կարեւորը իսկապէս լրջօրէն ընտրութիւններուն պատրաստուիլն է, վստահութիւն ներշնչող Ընտրական օրէնսգիրք ունենալն է, որ չ՛արտօներ արհեստական կամ այլ ձեւերով որեւէ քաղաքական ուժի առաւելութիւն ունենալը:

<<Ես յոյս ունեմ, որ մենք առաջին անգամ լաւագոյն ընտրութիւնները կ՛ունենանք, քննարկումներն այդ հունով են ընթանում, բնականաբար, մեր համագործակցութիւնը միտուած է ապագային, մէկ տարուայ համագործակցութիւն չէ>>, ըսաւ Վարդանեան:

Լրագրող մը հարցուց, թէ Դաշնակցութիւնը ի՞նչ պիտի փոխէ կառավարութեան մէջ. Վարդանեան պատասխանեց, որ ներկայիս հարցերը այնքան մեծաթիւ են եւ զանոնք համախմբուած դիմագրաւելու կարողութիւնը այնքան ցաքուցրիւ, որ Դաշնակցութեան ներկայութեամբ նոր որակ պիտի հաղորդուի կառավարման արդիւնաւէտութեան. նոր սահմանադրութեամբ Դաշնակցութիւնը սկիզբը դրած է միանձնեայ կառավարման վերջ տալու:

<<Սահմանադրական փոփոխութիւնները արել ենք նրա համար, որ երկրում իրավիճակ փոխուի, իսկ որպէսզի երկրում իրավիճակ փոխուի ՀՅԴի մասնակցութիւնը, պատասխանատուութիւնը, աշխատանքը անհրաժեշտ է: Կայ աշխատելու դաշտ, նման բարդ պայմաններում գնալ նման պատասխանատուութեան, ի հարկէ, բարդ է, բայց սա Դաշնակցութիւնն է: Մեզ համար էականը երկրում դրական փոփոխութիւնների հասնելն է եւ ես յուսով եմ, որ մենք կը հասնենք դրան>>, եզրափակեց Աղուան Վարդանեան:

 


comments