Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կը գործէ երկու հողմակայան

By Asbarez | Saturday, 13 February 2016

 

MINOLTA DIGITAL CAMERA

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> -  Հայաստանի մէջ արդէն իսկ կը գործէ երկրորդ հողմային ելեկտրակայանը։ <<Նիուզ>>ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու փոխնախարար Հայկ Յարութիւնեան:

Քաջարան քաղաքի մերձակայքը տեղակայուած <<Արաց>> հողմակայանը 2015 թուականի Մարտին Հայաստանի Հանրային ծառայութիւնները կարգաւորող յանձնաժողովէն արտօնագիր ստացած էր, իսկ ցանցին միացած է ամրան:

Ըստ փոխնախարարին՝ կայանի հզօրութիւնը մեծ չէ՝ 285 քիլովաթ, սակայն փաստը, որ հանրապետութեան մէջ երկրորդ հողմակայան ալ կը գործէ, արդէն ուրախալի է։ Յատկանշական է, որ անիկա կառուցուած է ներդրողներուն սեփական միջոցներով:

Նշենք, որ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի առաջին հողմային ելեկտրակայանը՝ 2.64 մեկավաթ հզօրութեամբ <<Լոռի 1>>ը, սկսած է գործելու 2005 թուականին, Իրանի կառավարութեան տրամադրած դրամաշնորհային միջոցներով:

 

 


comments

More headlines

Յայտարարութիւն

«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը

Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը

Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ

Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին

Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը

Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան. Ազրպէյճանը Անթաքոյց Կերպով Կը Ծրագրէ Հաւաքական Պատիժի Ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի Ամբողջ Ժողովուրդը

Արցախի Նախագահը Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստի Հրաւիրեց. Քննարկուեցան Առեւանգուած Քաղաքացիները Վերադարձնելու Քայլերը

Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ

Ստեփանակերտը Կը Հերքէ Լուրերը Աղտամի Ճանապարհի Վերաբերեալ Որոշում Տալու Մասին

Advertisement