Հալէպը ահաբեկչական խմբաւորումներու հրթիռակոծման թիրախ

By Kantsasar | Tuesday, 16 February 2016




14 Փետրուարի ուշ գիշերին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ հրթիռակոծեցին Հալէպի զանազան շրջաններու (Նոր Գիւղ, Թելեֆոն Հաուաի, Սէյրաֆի, Սուլէյմանիէ) խաղաղ բնակչութիւնը, յատկապէս բնակարանները։ Արձանագրուեցան զոհեր եւ վիրաւորներ։ Շարք մը բնակուած շէնքեր փուլ եկան։ Մեծ վնասներ կրեց նաեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի ընկերաբժշկական կեդրոնը։

Հալէպի մէջ 2015- ի Հոկտեմբեր 23- էն ի վեր ելեկտրականութիւնը անհասանելի է, իսկ շուրջ մէկ ամիսէ ի վեր՝ ջուրը։ Բնակչութիւնը սղաճին կողքին, ստիպուած է ջուր եւ օրական քանի մը ժամուայ համար ելեկտրամատակարարման գործիքներու սեփականատէրերէն ելեկտրականութիւն գնել։

comments