<<Շատ երկար ենք բանակցել, որպէսզի հիմնական բոլոր տարաձայնութիւնները կարողանանք հարթել>>. Արմէն Ռուստամեան

By Asbarez | Saturday, 20 February 2016

0220armenrustamian

 

ԵՐԵՒԱՆ -  ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան 19 Փետրուարին Ազգային ժողովին մէջ լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին անդրադարձած է այն հարցին, թէ արդեօք նախարարութեան անջատման գծով այսքան քննադատութիւն կ՛ակնկալէի՞ն։

<<Նորմալ է, բանավէճ է տեղի ունենում, ամէն մէկն իր ենթատեքստերն ունի, հիմա ես չեմ ուզում դրանց անդրադառնալ: Բայց, մի բան յստակ է, որ սա մեր համագործակցութեան առաջին դրսեւորումն է՝ հեռանկարային համաձայնագրի, որը կը ստորագրուի եկող շաբա>>չ, ըսած է ան։

Ռուստամեան յիշեցուցած է, որ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւն չկար, անիկա ստեղծուած է Օրինաց Երկիր կուսակցութեան նախարարին տրամադրելու համար: <<Դրա համար մարդիկ, որ յայտարարութիւններ անում են, պէտք է յիշեն նաեւ անցած ամբողջ պատմութիւնը: Յետոյ միացուեց այդ նախարարութիւնը Տարածքային կառավարմանը, որը նոյնպէս քաղաքական ենթատեքստ ունէր, եւ ամէն մի այդպիսի քայլն էլ չի կարող քաղաքականութիւնից կտրուած լինել>>, նշած է ան։

Արմէն Ռուստամեան աւելցուցած է, որ այն ժամանակ ձեռնպահ քուէարկած էր՝ նոյն տրամաբանութեամբ:

<<Մենք կարծում ենք, որ արտակարգ իրավիճակների հարցը դա ներքին գործերի նախարարութեանը յարիր գործառոյթ է, եւ ապագայում, ես վստահ եմ, որ կը լինեն շատ աւելի լուրջ կառուցուածքային վերանայումներ, որպէսզի համապատասխանեցնենք Սահմանադրութեանը>>, ըսած է ան՝ վստահեցնելով, որ ապագային պիտի ունենան շատ աւելի արդիւնաւէտ բաշխման խնդիր:

Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ Դաշնակցութիւնը շատ լուրջ կերպով կը մօտենայ այս հարցին՝ հասկնալով, թէ ինչ ծանր բեռան տակ կը մտնէ, եւ որեւէ բարեկրթութիւն, ոգեւորութիւն չկայ՝ ինչպէս կը թուի միւսներուն:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ փոփոխութիւնները ե՞րբ պիտի զգայ ժողովուրդը՝ Արմէն Ռուստամեան ըսած է. <<Աստուած յաջողի՝ շատ արագ կարելի է անել: Բայց մենք, բնականաբար, իրատես ենք եւ գիտենք, որ խնդիրները շատ են: Բնական է՝ մենք պէտք է փորձենք հնարաւորինս մեր ողջ ռեսուրսը կուտակենք, որպէսզի կարողանանք հարցերին արագ լուծում տալ, բայց ժամկէտներ ես հիմա չեմ կարող ասել>>։

Ան նշած է, որ այս համագործակցութիւնը կապուած չէ ընտրութիւններուն հետ, կայ գաղափարական-քաղաքական ընդհանրութիւն, որուն հիման վրայ կարելի է դիտել այս համագործակցութիւնը, որ հեռանկարային համագործակցութիւն է:

<<Մենք շատ երկար ենք բանակցել, որպէսզի հիմնական բոլոր տարաձայնութիւնները կարողանանք հարթել>>, ըսած է Ռուստամեան։

Լրագրող մը հարցուցած է, որ անհանգստութեան զգացում չունի՞. Ռուստամեան պատասխանած է. <<Դիսկոմֆորտի զգացում բոլորս պէտք է ունենանք, որովհետեւ մեր երկրում ունենք այդքան խնդիրներ… Ինչպէ՞ս կարող ես դու կոմֆորտի մէջ լինել, ժողովուրդը՝ դիսկոմֆորտի>>:

Արմէն Ռուստամեան նշած է, որ քաղաքականութենէն ոչինչ կարելի է անջատել եւ քաղաքականութիւնը պէտք է առաջնորդուի կառավարման համակարգի արդիւնաւէտութեան բարձրացման, խնդիրները արդիւնաւէտօրէն լուծելու տրամաբանութեամբ: Ան ըսած է, որ միշտ կարելի է այլ լուծումներ գտնել, չեն ըսեր, որ ատիկա միակ լուծումը եղած է , սակայն ժամանակը ցոյց պիտի տայ արդիւնաւէտութիւնը։

 

 



comments