Նախագահ Բակօ Սահակեան այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր` Սումկայիթի ջարդերու տարելիցին առիթով

By Aztag Daily | Monday, 29 February 2016

Սումկայիթի ջարդերու 28-րդ տարելիցին առիթով նախագահ Բակօ Սահակեան 28 փետրուարին Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանի եւ հանրապետութեան բարձրաստիճան ղեկավարութեան ընկերակցութեամբ այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր եւ ծաղիկներ զետեղած անմեղ զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին:

Այս մասին կը տեղեկացնէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութիւնը

comments

Advertisement