Ընդդիմադիր 6 ուժերի միացեալ հաւաք-երթը՝ ի յիշատակ Մարտ 1ի զոհերուն

By Asbarez | Wednesday, 02 March 2016

 

 

 

0302march1b


ԵՐԵՒԱՆ - 1 Մարտին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ ընդդիմադիր 6 ուժերու միացեալ հաւաք-երթը՝ ի յիշատակ 1 Մարտ 2008ի զոհերուն:

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին ՀԱԿի, <<Նոր Հայաստան>>, ՀԺԿի, Պարոյր Հայրիկեանի ղեկավարած Ազգային ինքնորոշում միաւորումի, Աշոտ Մանուչարեանի <<Հայաստան>> նախաձեռնութեան ու Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարած <<Քաղաքացիական պայմանագիր>>ի հետեւորդները։

Միասնական հաւաք-երթին կարգախօսն էր <<Ընդդէմ պետական ահաբեկչութեան>>. անոր կը հսկէին ոստիկանները, որոնք մեխակներ բռնած էին: Երթին մասնակիցները ուղղուած են դէպի Ալեքսանդր Մեասնիկեանի արձանը՝ մահացածներուն յիշատակը յարգելու համար:

Անկէ առաջ Ազատութեան հրապարակին վրայ կայացած էր Նոր Հայաստան միաւորման, Հայաստանի ժողովրդական կուսակցութեան եւ Հայ ազգային կոնգրեսի միացեալ հաւաք:

ՀԱԿի կողմէ բացման խօսքով հանդէս եկած է Արամ Մանուկեան եւ նշած, որ հանրահաւաք տեղի պիտի չունենայ, որովհետեւ 1 Մարտի զոհերուն հարազատները չեն ուզած, որ այս օրուան հաւաքը ծառայէ քաղաքական նպատակներու:

<<Հիմնադիր խորհրդարան>>ի նախագահ Գարեգին Չուգասզեանի փոխարէն, միացեալ յայտարարութիւն կատարած է Ժառանգութիւն կուսակցութեան փոխնախագահ Արմէն Մարտիրոսեան:

Փաստաթուղթին իրենց ստորագրութեամբ միացած կազմակերպութիւնները պահանջած են հետեւողական ըլլալ Մարտ 1ի կազմակերպիչներն ու գործադրողները պատասխանատուութեան կանչելու եւ դատելու գծով։

 


comments