Հայոց բանակի կազմաւորման մէջ մեծ դեր ունի նաեւ կինը

By Asbarez | Saturday, 05 March 2016

0305womensoldires


ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Կանանց միջազգային օրուան նուիրուած տօնական ձեռնարկ՝ նախարար Սէյրան Օհանեանի ներկայութեամբ: Նախաձեռնութեան կը մասնակցէին զինուած ուժերուն մէջ միեւնոյն ատեն ծառայող երեք զինուորներու մայրերը, պաշտպանութեան նախարարութեան հետ համագործակցող հասարակական կազմակերպութիւններու կին ներկայացուցիչներ, կին զինուորներ եւ ազատամարտիկներ, կին պատգամաւորներ:

Այս առիթով կիները շնորհաւորելով՝ նախարար Օհանեան ըսած է, որ հայ ժողովուրդը իր պատմութիւնը կերտած է ու կը շարունակէ կերտել գեղեցիկ հայ կիներուն՝ մայրերուն եւ քոյրերուն հետ՝ դիտել տալով, որ քիչ է թիւը այն երկիրներուն, որոնք կիներու տօնը կը նշեն այդքան խորհուրդով եւ ամբողջ ամսուան տեւողութեան։ Ան աւելցուցած է, որ ի զուր չէ, որ հայ կնոջ մեծարման տօնակատարութիւնը ընթացք կ՛առնէ պաշտպանութեան նախարարութենէն, հայկական բանակէն, որովհետեւ բանակը տղոց հաւաքականութիւն մըն է, որ սէր ու յարգանք կը տածէ կիներուն նկատմամբ, կը զգայ անոնց ջերմութիւնը։

<<Հայկական բանակը մեծ ճանապարհ է անցել: Իւրաքանչիւր հայի շուրթերից հնչած հայկական բանակ արտայայտութեան ակունքներում մենք պէտք է տեսնենք ահռելի, դժուար, չարքաշ, պատերազմական ու մարտական գործողութիւններով անցած ճանապարհ, որի ակունքներում կանգնած է եղել ոչ միայն հայ տղամարդը, այլ նաեւ հայ կինը: Այդպէս եղել է մեր ողջ պատմութեան ընթացքում: Թւում է՝ հայ կինը խորհրդանիշ է միայն հայկական ընտանիքի ջերմութեան, բայց մեր պատմութիւնը թոյլ է տալիս ասել, որ կինն անհրաժեշտութեան դէպքում վերցրել է զէնքը եւ տղամարդու հետ կրել ու կռել է մեր ամբողջ պատմութիւնը>>, շեշտած է Սէյրան Օհանեան:

Պաշտպանութեան նախարարը դիտել տուած է, թէ պատահական չէ, որ ձեռնարկին հրաւիրուած են հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ, մայրեր, որոնք բանակ ղրկած են իրենց որդիները, որոնց հերոսութեան եւ անձնազոհութեան շնորհիւ կարելի եղած է տանիլ յաղթանակներ, ապահովել հայ ժողովուրդի խաղաղ արարումը:

Նախարար Օհանեան ձեռնարկին ընթացքին պատուոյ գիրերով, շնորհակալագիրներով ու մետալներով պարգեւատրած է կին ազատամարտիկները, Հայրենական մեծ պատերազմի կին վեթերանները, բանակին մէջ միեւնոյն ատեն երեք որդի ունեցող մայրերը, բանակին մէջ աշխատող կիները, նախարարութեան կին աշխատակիցները, բանակի զարգացման մէջ ներդրում ունեցած հասարակական կազմակերպութիւններու կին ղեկավարները:

 


comments