By Aztag Daily | Saturday, 12 March 2016

Համալսարաններու ապաքաղաքականացման հարցը կարելի է լուծել միայն բարձրագոյն կրթութեան օրէնքի միջոցով: Այսօր լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանը` պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս պիտի լուծէ իր կողմէ բարձրացուած խնդիրը` ապաքաղաքականացնել համալսարանները, եթէ անոնց ուսումնական խորհուրդներու նախագահներ են այնպիսի բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, օրինակ` Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը, վարչապետը եւ ուրիշներ:
<<Ընդհանրապէս, եթէ երկրին մէջ գոյութիւն ունի ազգային համալսարան, խորհուրդի նախագահներ կ՛ըլլան երկրին առաջին դէմքերը, որպէսզի շեշտուի տուեալ հաստատութեան համապետական նշանակութիւնը: Մենք ունինք Երեւանի պետական համալսարան, որ մեր ազգային արժէքն է եւ այդ պատճառով է, որ խորհուրդի նախագահը Սերժ Սարգսեանն է>>, ըսաւ ան:
Լեւոն Մկրտչեան նշեց, որ, օրինակ` Իտալիոյ մէջ կայ յատուկ սահմանադրական յօդուած` համալսարաններու ինքնավարութեան մասին: Նման կանոնակարգման խնդիր ունի նաեւ Հայաստանը:
<<Պէտք է արմատապէս բարեփոխել կրթութեան ինքնավարութեան համակարգը, իսկ ատիկա կարելի է ընել միայն օրէնքի միջոցով: Մենք պէտք է ունենանք համապատասխան օրէնք, այստեղ է միայն հարցին լուծումը>>, ըսաւ ան:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ համալսարաններու ուսումնական խորհուրդներու ներկայացուցիչները Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան երիտասարդական թեւի ներկայացուցիչներ են, արդեօք հաւանակա՞ն է, որ անոնք յառաջիկային փոխարինուին երիտասարդ դաշնակցականներով, նախարարը ըսաւ, թէ այս <<հարցը եւս կապուած է համալսարանական ինքնավարութեան հետ>>:
<<Եթէ ուսանողները կ՛արտօնեն, որ ստեղծուի խորհուրդ մը, որ իրենց կրթական առօրեային հետ կապ չունի, ուրեմն իրենք չեն պատկերացներ, թէ ո՛ւր են եւ ի՛նչ բանի համար: Համալսարանը ինք պէտք է ըսէ` ինչպէ՛ս ձեւաւորել ուսումնական խորհուրդ, որ բացառապէս հետաքրքրուի համալսարանի խնդիրներով եւ, վստահաբար, ազգի հիմնախնդիրներով>>:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ