By Aztag Daily | Saturday, 12 March 2016

10 մարտին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան անդրադարձած է ընտրական օրէնքի նախագիծին: Լրագրողները հարցուցած են, որ նախագիծին մէջ կա՞ն մտահոգիչ դրոյթներ, Վարդանեան պատասխանած է, որ նախնական քննարկումներուն ընթացքին Դաշնակցութիւնը արտայայտած է թէ՛ իր մօտեցումները եւ թէ՛ առաջարկները:
<<Բազմաթիւ հարցեր կան, որոնք մեր առաջարկներով արդէն իսկ տեղ գտած են նախագիծին մէջ: Բայց աշխատանքը տակաւին աւարտած չէ: Ազգային ժողովին մէջ քննարկումներու եւ լսումներու ժամանակ մենք կը շարունակենք աշխատիլ ընտրական օրէնքին վրայ: Մեր նպատակն է իսկապէս ունենալ այնպիսի ընտրական գործիքակազմեր, որոնք էապէս կը մեծցնեն վստահութիւնը ընտրական հոլովոյթներուն նկատմամբ: Այդտեղ բազմաթիւ խնդիրներ կան, նոյն` ընտրողներու ցուցակներու հրապարակումը, որ տարիներ շարունակ եղած է մեր պահանջը, եւ մենք դիմած ենք նաեւ Սահմանադրական դատարան: Բայց այսօր ունինք փաստ` Սահմանադրական դատարանի որոշումը, որ ինչ որ առումով խոչընդոտ է: Այսուհանդերձ, ես վստահ եմ, որ Վենետիկի յանձնաժողովը, որ տարիներ շարունակ դէմ էր այդ ցուցակներու հրապարակման, անգամ մը եւս այդ հարցը կը քննարկէ>>, ըսած է Աղուան Վարդանեան:
Անոր համաձայն, պէտք է խնդիրները բաժնել իրարմէ, որովհետեւ ցանկերու հրապարակումը միակ բալասանը չէ, բայց կարիք կայ վստահութիւնը աւելցնելու, ինչ որ կարելի կը դառնայ մատչելիութեան համար գործիքակազմեր ձեւաւորելով, որպէսզի քաղաքացիները վստահ ըլլան, որ կրկնաքուէարկութիւններ պիտի չըլլան, Հայաստանէն բացակայողներուն փոխարէն կարելի պիտի չըլլայ քուէարկել, Հայաստան գտնուող, բայց քուէարկութեան չմասնակցող քաղաքացիներուն փոխարէն կարելի պիտի չըլլայ քուէարկել: <<Եթէ այդ խնդիրները կարելի ըլլայ լուծել, բնականաբար, վստահութիւնը կը մեծնայ>>, հաստատած է Վարդանեան:
Աղուան Վարդանեան նշած է, որ, թէեւ դժուար պիտի ըլլայ, բայց պէտք է կարենալ Հայաստանի բոլոր քաղաքացիներուն համար ապահովել ինքնութիւնը հաստատող մէկ միասնական փաստաթուղթ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ