By Asbarez | Tuesday, 15 March 2016

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>> - Հայաստանի ԱԳ նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան Մարտ 14ին, Ազգային ժողովէն ներս լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատած է, թէ մտադիր է հիմնել կուսակցութիւն մը, որուն մասին պիտի յայտարարէ մօտ օրէն: Ան խուսափած է նշելէն, թէ որո՛նք անդամ պիտի ըլլան այդ կուսակցութեան՝ նշելով միայն, թէ հոն պիտի ըլլան ե՛ւ պատգամաւորներ, ե՛ւ խորհրդարանէն դուրս գտնուող անհատներ ու երիտասարդներ։
Անդրադառնալով նոր կուսակցութեան հիմնումին հետ ՀՀ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի առնչութեան՝ Օսկանեան նշած է. <<Ես յստակօրէն ասել եմ՝ Ռոպերթ Քոչարեանն այս կուսակցութեան հետ կապ չունի, բայց ես ինձ չեմ դնելու այն վիճակին մէջ, որ անընդհատ ինձ տարանջատեմ Քոչարեանից: Այդ ժամանակուայ իշխանութիւնն, ի հարկէ, շատ թերութիւններ ունեցել է տարբեր ոլորտներում, բայց այդ իշխանութիւնը նաեւ մեծ յաջողութիւններ է ունեցել, յատկապէս՝ այսօրուայ տնտեսական իրավիճակի ֆոնին, արտաքին քաղաքականութեան ֆոնին: Ես կարծում եմ, որ դա այն ժամանակաշրջանն էր, որը ժողովուրդը շատ հարցերում դրականօրէն է յիշում: Եկէք ամէն ինչ չսեւացնենք>>:
Այն հարցումին, թէ ան ի՞նչ աղբիւրներու հիման վրայ կուսակցութիւն կը ստեղծէ եւ կը պատրաստուի ստանալու ժողովուրդի քուէն՝ ԱԳ նախկին նախարարը պատասխանած է. <<Վարդան Օսկանեանի ռեսուրսով, կուսակցութեան ծրագրով, մեր անելիքներով եւ երկրի նկատմամբ մեր տեսլականով>>:
Օսկանեանի խօսքով՝ իրենք կը պատրաստուին համագործակցելու բոլո՛ր ուժերուն հետ:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ