Հայաստան Կորսնցուց Ճատրակի Եւրոպայի Ախոյեան Դառնալու Հնարաւորութիւնը

By Asbarez | Monday, 14 November 2011

 

ԱԹԷՆՔ, «Արմէնիա Նաու».- Նոյեմբեր 11ին, Յունաստանի մէջ աւարտած Ճատրակի Եւրոպայի խմբային մրցումի վերջին փուլին, Հայաստան պարտութիւն կրեց Գերմանիոյ ընտրանիէն եւ կորսնցուց Եւրոպայի 2011ի ախոյեանը դառնալու հնարաւորութիւնը:

Լեւոն Արոնեանին ու անոր խմբակիցներուն՝ 1.5:2.5 արդիւնքով պարտութիւնը հնարաւորութիւն չտուաւ նոյնիսկ յայտնուելու լաւագոյն եռեակին մէջ, եւ 38 մրցակից երկիրներու շարքին՝ Գերմանիա նուաճեց ախոյեանի կոչումը, իսկ Հայաստան յայտնուեցաւ չորրորդ դիրքի վրայ: Երկրորդ եւ երրորդ հորիզոնականներուն համապատասխանաբար յայտնուեցան Ատրպէյճանի եւ Հունգարիոյ ներկայացուցիչները:

Նշենք, որ Հայաստանի ընտրանին՝ նոյն կազմով, Չինաստանի մէջ, անցած Յուլիսին կրցած էր նուաճել աշխարհի ախոյեանի կոչումը:

Կանանց մրցապայքարին Ճատրակի Եւրոպայի խմբային մրցումին, Հայաստանը 28 երկիրներու շարքին յայտնուեցաւ 7րդ հորիզոնականի վրայ:

comments

Advertisement