Վենետիկի յանձնաժողովի փորձագէտներուն ներկայացուած են ՀՅԴի դիտարկումները

By Asbarez | Wednesday, 16 March 2016

0316aghvan1

ԵՐԵՒԱՆ - Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ Ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի փորձագէտներուն հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան թուարկած է այն դիտարկումները, զորս կատարած է Դաշնակցութիւնը՝ ընտրական օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ:

Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է երեք դիտարկումի. <<Անկախ ամէն ինչից, ընդդիմութիւնը խորհրդարանում պէտք է տեղերի 1/3ն ունենայ, եթէ նոյնիսկ մէկ կամ մի քանի ուժեր բացարձակ մեծամասնութիւն ձեւաւորեն, ապա դա չպէտք է արգելք լինի, որ ընդդիմութիւնն իր սահմանադրական լիազօրութիւնը չիրացնի: Երկրորդը՝ կայուն մեծամասնութեան մէջ տարընթերցումներ կային: Այն արտօնութիւնը, որը փորձ էր արւում տալ կոալիցիաներից մէկին, տարածել ենք նաեւ միւս կոալիցիաների վրայ: Նախկինում գաղափար կար, որ եթէ մի կուսակցութիւն 40-45 տոկոս ձայն է հաւաքում, նա պիտի վետոյի իրաւունք ունենայ, թոյլ չտալով, որ միւս ուժերը նոյնպէս կոալիցիա ձեւաւօրեն: Սրանք այն խութերն էին, որ քաղաքական յարաբերութիւններով մենք ֆիքսել էինք>>:

ՀՅԴ խմբակցութեան ներկայացուցիչները խօսած են նաեւ անձերու նոյնացման մասին՝ դիտել տալով, որ պէտք է առնուին այնպիսի քայլեր, որ ոչ ոք կարենայ ուրիշի փոխարէն քուէարկել։ <<Նախագծով հնարաւոր է մի տարածքից պատգամաւոր դառնայ 1000 ձայն հաւաքած մէկը, բայց այլ տարածքից 10,000 ձայն հաւաքածը՝ ոչ: Եթէ պիտի մնայ վարկանիշային քուէարկութիւնը, ապա ձայների հաշուառումը պէտք է հանրապետութիւնով մէկ կատարուի>>, շեշտած է Աղուան Վարդանեան։

Ըստ անոր՝ Դաշնակցութիւնը դէմ է, որ քաղաքացին ո՛չ թէ իր պատկանած շրջանին մէջ, այլ ընտրութեան օրը գտնուած վայրին մէջ քուէարկելու կարելիութիւն ունենայ։ <<Եթէ Հայաստանից դուրս քուէարկողներին պարտադրում ենք Հայաստանում քուէարկել, ապա տեղում եղողներն էլ պիտի իրենց հաշուառման վայրում քուէարկեն: Եթէ մարդն ուզում է քուէարկել, ապա թող ժամանակ եւ միջոցներ գտնի>>, յայտնած է ան։

Քուէարկողներու ցանկերու հրա-պարակման գծով Դաշնակցութիւնը կ՛առաջարկէ ստեղծել այնպիսի գործընթաց մը, որով կարելի ըլլայ ճշդել եթէ միջազգային փորձի կամ սահմանադրական դատարանի որոշման առնչուած հարց կայ: <<Մենք կողմ ենք ցուցակների հրապարակմանը, բայց եթէ կան իրաւական խոչընդոտներ, ապա գտնել այնպիսի մեխանիզմներ, որոնք էապէս կը մեծացնեն ցուցակների մատչելիութիւնը>>, նշած է Աղուան Վարդանեան:

Ան նշած է, որ անդրադարձ կատարուած է նաեւ ընտրական ցանկերու ճշգրտման խնդիրին, նաեւ անհասկնալի նկատած է դիտորդներու եւ լրագրողներու թիւի սահմանափակումը ընտրական կեդրոններուն մէջ, կուսակցութիւններու ցանկին մէջ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներու պարտադիր ընդգրկումը եւ այլն, որոնց մասին յայտնած են փորձագէտներուն։

 

 

 

 



comments