By Asbarez | Thursday, 17 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստին կառավարութեան հետ կայացած հարցուպատասխանի ատեն Հայաստանի տնտեսութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան՝ պատասխանելով <<Բարգաւաճ Հայաստան>> խմբակցութեան պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեանի հարցումին, ըսած է, որ Հայաստանի մէջ նոր Սահմանադրութեան կիրարկուAմով յառաջացած է տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան նոր մօտեցումներ որդեգրելու անհրաժեշտութիւն:
<<Սոցիալական–շուկայական տն-տեսութեանը համապատասխան Հայաստանում պէտք է որդեգրուի առաւել ակտիւ մրցակցային պաշտպանութեան եւ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւն: Այս դրոյթն ամրագրուած է նաեւ ՀՀԿի եւ ՀՅԴի միջեւ ստորագրուած համաձայնագրում: Այս մասին խօսել է նաեւ հանրապետութեան նախագահը Փետրուարի 12ին ունեցած ելոյթում>>, նշած է Մինասեան:
Նախարարը աւելցուցած է, որ արդարադատութեան նախարարութիւնը արդէն իսկ բոլոր գերատեսչութիւններուն ուղարկած է փաստաթուղթ մը, ուր կայ ցանկը այն օրէնքներուն, որոնք պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին: <<Այդ ցանկերում ներկայացուած է նաեւ տնտեսական մրցակցութեան պաշտպանութեան մասին օրէնքը, որը պէտք է վերանայուի: Եւ ոչ միայն այս, այլ նաեւ յարակից այլ օրէնքներ պէտք է վերանայուեն, որպէսզի երկրում ամրագրուի առաջին հերթին կարգաւորման տեսակէտից առաւել ակտիւ հակամենաշնորհային քաղաքականութիւնը: Պէտք է ամրագրուեն նոր լծակներ, որոնք առկայ թէ մենաշնորհային, թէ նաեւ գերիշխող դիրք ունեցող սուբյեկտների պատասխանատուութեան ենթարկելուեւ հակամենաշնորհային ակտիւ քաղաքականութեան միջոցով առաւել մրցակցային շուկաներ ձեւաւորելու ուղղութեամբ կ՛իրականացուեն համարժէք գործողութիւններ>>, յայտնած է նախարարը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ