Լեւոն Մկրտչեան անակնկալ կերպով դպրոցներ պիտի այցելէ

By Asbarez | Friday, 18 March 2016

0318levonmegerdchian

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան 17 Մարտին կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ դպրոցներու տնօրէններուն հետ 18 Մարտին պիտի ունենայ խորհրդակցութիւն, որուն պիտի մասնակցին նաեւ մարզերու ուսումնական հաստատութիւններու տնօրէնները:

Ըստ նախարարին՝ խորհրդակցութեան ընթացքին պիտի փորձեն քննարկել դպրոցներուն խնդիրները, առարկայական ծրագիրներն ու կատարուելիք աշխատանքները։

<<Բոլոր քննարկումները հրապարակային են լինելու>>, յայտնած է նախարարը:

Լեւոն Մկրտչեան նշած է, որ ինք եւս կարիք ունի այցելելու դպրոցներ եւ գոնէ շաբաթը անգամ մը առանց զգուշացման գտնուիլ որեւէ դպրոցի մէջ: <<Ոչ թէ պատժիչ խնդիրների լուծման համար, այլ հասկանալու՝ ուսուցիչներին եւ ծնողներին յուզող խնդիրները: Կը փորձենք ինչ-որ ձեւով ձեւակերպել բոլորիս՝ հանրակրթութեանը յուզող հիմնահարցերը>>, ըսած է Լեւոն Մկրտչեան:

Անոր համաձայն՝ ուսուցիչները ունին ընկերային մեծ հարցեր, ծնողները կը դժգոհին, որ երեխաներուն ծանրաբեռնուածութիւնը մեծ է: Ուստի, այս բոլոր խնդիրները պիտի քննարկուին խորհրդակցութեան ժամանակ:

 

 



comments