By Asbarez | Saturday, 19 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ - 18 Մարտին Խաչատուր Աբովեանի անուան հայկական պետական մանկավարժական համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի եւ <<Դպրոց-կենտրոնների միութիւն>> իրաւաբանական անձանց միութեան անդամ 110 դպրոց-կեդրոններու տնօրէններու հանդիպումը:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Ազգային ժողովի պատգամաւոր, <<Դպրոց-կենտրոնների միութեան>> նախագահ Ռուզաննա Մուրադեան յայտնած է, որ իրենց համար կարեւոր օր է, քանի որ նախարարին պիտի ծանօթացնեն դպրոց-կեդրոններուն գործունէութիւնը եւ միասին քննարկեն միութեան 2016ի ծրագրային ուղղութիւնները:
<<Դրանից զատ, պէտք է փորձենք նախարարին ներկայացնել ոլորտում առկայ խնդիրները: Դրանք կը ներկայացուեն 4 ուղղութիւններով՝ աւագ դպրոցների խնդիրները, ուսուցչի վարկանիշը, դաստիարակչական աշխատանքները դպրոցում եւ ուսուցիչ-ծնող, դպրոց-ծնող հիմնախնդիրները: Նոր որակ, նոր թափ եւ նոր մօտեցումներ կը տրուեն այս ամէնին>>, ըսած է Մուրադեան։
Հանդիպման ընթացքին նախարար Լեւոն Մկրտչեան դպրոցի տնօրէն-ուսուցիչներուն ներկայացուցած է իր տեսլականը հանրակրթութեան վերաբերեալ՝ նշելով, որ, ինչպէս խոստացած է, պիտի փորձէ իւրաքանչիւր ոլորտի խնդիրները քննարկել այդ ոլորտը ներկայացնող մարդոց հետ եւ հրապարակային: Նախարարը յայտնած է նաեւ, որ հանդիպման նպատակը հանրակրթական ամբողջական շղթայի անխափան աշխատանքին հասնիլն է:
<<Մենք պէտք է հասկանանք, թէ որտեղ ենք կենտրոնացնելու մեր աշխատանքների ծաւալները եւ դրա համար դուք՝ տնօրէններդ, պէտք է լինէք հնարաւորինս անկեղծ: Ես շատ հեռու եմ պատժելուց, այսինքն՝ ձեւական գործողութիւններով ինչ-որ մէկին պատժել՝ ինչ-որ բան ցոյց տալու համար: Մենք ուղղակի պէտք է միասին հասնենք նրան, որ հասկանանք ի՞նչն է պատճառը, որ հասարակութեան մէջ անվստահութեան մթնոլորտ է ձեւաւորում, ի՞նչ քայլեր պէտք է արուեն ուսուցչի դերը մեծացնելու համար, եւ ի՞նչ անել, որպէսզի դպրոցն ունենայ այն հիմնական դերակատարումը, որը վերապահուած է նրան>>, յայտնած է նախարարը: Ան հաստատած է, որ եթէ կրթութիւնը հիմնադրուած չըլլայ մեր տեսլականին վրայ, որքան ալ փորձենք, յաջողութեան կարելի չէ հասնիլ։
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ