Ըստ Ատրպէյճանցի Երեսփոխանին՝ Արցախի Հարցը Կարելի Չէ Լուծել ՄԱԿի ԱԽին Անդամակցութեամբ

By Asbarez | Monday, 14 November 2011

 

ՊԱՔՈՒ.- Ատրպէյճանցի երեսփոխան, քաղաքագէտ Ռասիմ Մուսապեկով «ՍալամՆիուզ»ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնած է, թէ ոմանք կը կարծեն, որ Ատրպէյճանը, դառնալով ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի (ԱԽ) ոչ մնայուն անդամ՝ պիտի կարենայ կարգաւորել ղարաբաղեան հակամարտութիւնը:

«Սակայն ատիկա սխալ պատկերացում է։ Դիմենք պատմութեան։ Թուրքիա, որ ունի կիպրական հիմնախնդիրը, քանի մը անգամ եղած է ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ։ Արդեօք ան կրցա՞ծ է այդ խնդիրը լուծել՝ օգտուելով իր կարգավիճակէն։ Կամ, օրինակ, Փաքիստանը, որ 50 տարիէ ի վեր չի կրնար Քաշմիրի հարցը կարգաւորել։ Եթէ չեմ սխալիր, Փաքիստան 7 անգամ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ոչ մնայուն անդամ եղած է։ Եւ ինչի՞ հասած է ան։ Այդ պատճառով ալ, խորհուրդ կու տամ ինքնախաբէութեամբ չզբաղիլ։ Այսինքն, պէտք չէ մտածել, թէ այդ միջոցով մենք պիտի լուծենք մեր բոլոր խնդիրները», յայտնած է ան։

Ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի համար իրականութեան մէջ դիւրին պիտի չըլլայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրը ընդգրկել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ՝ Մուսապեկով ըսած է. «Նախ եւ առաջ, Ատրպէյճան մուտք կը գործէ համաշխարհային քաղաքականութեան խոհանոց։ Բնականաբար, ատիկա նոր կարելիութիւններ կը ստեղծէ։ Այսինքն, տարբեր որոշումներու որդեգրման համար, ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամները, որոնք պէտք է համոզեն Ատրպէյճանը, ստիպուած պիտի ըլլան սերտ կերպով համագործակցիլ մեր դիւանագէտներուն հետ։ Փոխադարձը պահանջելու կարելիութիւն կը ստեղծուի»։

Քաղաքագէտը միաժամանակ յիշեցուցած է, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներէն երեքը ԵԱՀԿի Մինսկի խմբակի համանախագահներ են, եւ աւելցուցած, որ ատիկա Ատրպէյճանի համար նոյնպէս շահեկան է։ «Ենթադրենք՝ հայերը կը ճանչնան Լեռնային Ղարաբաղի անկախութիւնը։ Այդ պարագային, խնդիրը ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քննարկելու եւ Ապահովութեան խորհուրդին միջոցով հայերուն հարուած հասցնելու կարելիութիւն պիտի ստեղծուի», ըսած է ան՝ նշելով, որ առանց ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հինգ մնայուն անդամներու կամքին, ոչ մէկ հարց քննարկութեան կը դրուի։

comments