By Asbarez | Tuesday, 22 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Կառավարութեան նիստին՝ 18 Մարտին, տեղի ունեցած է Հայաստանի անկախութեան տօնին նուիրուած նախաձեռնութիւններու նախապատրաստման եւ կազմակերպման պետական յանձնաժողովի նիստը, զոր վարած է վարչապետ, յանձնաժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան:
Շեշտելով, որ ասիկա Հայաստանի ամէնէն նուիրական տօնն է, վարչապետը նշած է, որ ասիկա հրաշալի առիթ է արժեւորելու, յիշելու, քննարկելու, վերլուծելու, գնահատելու մեր ձեռքբերումները: Առ այդ, ան կարեւոր նկատած է, որ յանձնաժողովը մեծ աշխատանք տանի, որպէսզի 25ամեակը նշուի մեծ շուքով։
Այնուհետեւ վարչապետը խօսքը փոխանցած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի ղեկավար, յանձնաժողովի նախագահի տեղակալ, տօնական նախաձեռնութիւնները համակարգող Վիգէն Սարգսեանին, որ անկախութեան 25ամեակի նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է։
<<Անկախութեան 25րդ տարեդարձի միջոցառումների հիմնական ուղղուածութիւնն առաջարկում եմ դիտարկել Հանրապետութեան Նախագահի մատնանշած երկու գաղափարախօսական առանցքի՝ որպէս կայացած անկախ պետութիւն, պետականութիւն առաջ շարժուելու եւ անկախութեան 25ամեայ սերունդի ձեռքբերումները ներկայացնելու գաղափարների շուրջ>>, նշած է Վիգէն Սարգսեան:
Նիստին ընթացքին քննարկուած են անկախութեան 25ամեակի խորհրդանիշի եւ կարգախօսի ընտրութեան, տօնակատարութիւններուն սփիւռքահայութեան եւ երիտասարդութեան աշխոյժ մասնակցութեան, համահայկական տնտեսական համաժողովի կազմակերպման, Երեւանի եւ մարզերուն մէջ տօնական նախաձեռնութիւններու կայացման վերաբերող եւ այլ հարցեր, ներկայացուած են տարբեր առաջարկներ:
Վարչապետը, ամփոփելով քն-նարկումը, կարեւոր նկատած է, որ անկախութեան 25ամեակի ձեռնարկները տեղի ունենան բարձր մակարդակով եւ յաւուր պատշաճի, եւ պատկան բոլոր գերատեսչութիւնները այս գծով համակարգուած աշխատանք տանին: Կառավարութեան ղեկավարը յանձնաժողովի անդամներուն առաջարկած է մինչեւ Մարտի աւարտը նախաձեռնութիւններուն վերաբերեալ առաջարկները եւ գաղափարները ներկայացնել յանձնաժողովի քարտուղարութիւն, որմէ ետք մինչեւ 15 Ապրիլ պիտի մշակուին եւ քննարկման ներկայացուին անկախութեան 25ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններու ծրագիրին նախագիծն ու ժամանակացոյցը:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ