By Asbarez | Wednesday, 23 March 2016
ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի գիտութեան եւ կրթութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեան լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է, որ ժամանակը հասած է Հայաստանի կրթական համակարգին ձեւը համապատասխանեցնելու բովանդակութեան։
Ան դիտել տուած է, որ մենք լուծած ենք կարեւոր խնդիր մը՝ ձեւի հարցը, իսկ ձեւը վատ բան չէ, այսինքն՝ մենք աշխարհի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու համապատասխանութիւնը ունենք: <<Հիմա դա հայկական տեսակով, որակով ապահովելու խնդիրն է, ինչը տարիների աշխատանք է>>, շեշտած է նախարարը։
<<Այդ աշխատանքը պահանջում է խնամք եւ հոգատարութիւն կրթական համակարգի նկատմամբ, այսինքն՝ բոլոր քաղաքական ուժերը պէտք է խնամքով մօտենան կրթական համակարգին, նպաստեն դրա զարգացմանը, որովհետեւ մեր երեխաներն են այնտեղ սովորում: Եթէ կարողանանք մի վիճակ ստեղծել, որ, անկախ քաղաքական հակադրութիւններից, կրթական համակարգը դառնայ մեր հոգածութեան առարկան, իդէալական կը լինի, եւ որքան մօտ գանք այս կէտին, այնքան աւելի շատ մարդ կը շահի>>, յայտնած է Մկրտչեան:
Ըստ անոր՝ այս բոլորին պէտք է հասնիլ օրէնսդրական դաշտը կարգաւորելով եւ մեքանիզմները յստակացնելով:
comments
ARF AU Statement: In solidarity with Tavush
«Մաքրոն 9-10 Սեպտեմբերին Պիտի Այցելէ Երեւան Եւ Պաքու» Կ՛ըսէ «Ալֆա Նիուզ»-ի Աղբիւրը
Արցախի Ազգային Ժողովի 4 Խմբակցութիւններ Նախագահի Թեկնածու Առաջադրած Են Սամուէլ Շահրամանեանը
Երեւան-Պաքու Լարուածութիւնը Մագլցում Կ՛արձանագրէ
Ատրպէյճանի Կողմէ Առեւանգուած Երեք Ուսանողները Վերադարձուեցան Հայկական Կողմին
Մաքրոն Մտադիր Է Դիւանագիտական Նոր Նախաձեռնութեան Սկսելով Ուժեղացնել Պաքուի Վրայ Ճնշումը
Ազրպէյճանցիները Բերձորի Միջանցքի Անցակէտին Վրայ Կ՛առեւանգեն Երեք Արցախցի Երիտասարդներ